Արցախի Սենեկային Պետական Երգչախումբը Իր Աշխատանքները Վերսկսած է Հայաստանի Մէջ

Հայաստան, Սփիւռք

Դեկտեմբեր 23-ին կայացած է «Արցախ» սենեկային նուագախումբին առաջին եւ երկար սպասուած համերգը։ Ըստ նուագախումբի գլխաւոր խմբավար, գեղարուեստական ղեկավար, աշխարհահռչակ թաւջութակահար, ՀՀ վաստակաւոր արտիստ Նարեկ Հախնազարեանի՝ տրուած է նուագախումբի նոր կեանքին սկիզբը։ Այս մասին կը հաղորդէ «ԱՊԱՌԱԺ»-ը։

Համերգի ընթացքին հնչած են Մոցարթի, Չայքովսքիի, Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները։ Նուագախումբին նպատակներէն ամենակարեւորը հայկական երաժշտութեան եւ տարբեր ժամանակաշրջաններու հայ երգահաններու ստեղծագործութիւններու տարածումն ու աշխարհին ցուց տալն է։ Նուագախումբը կը նախապատրաստուի հանդէս գալու նաեւ Հայաստանէն դուրս։

«Արցախ» սենեկային նուագախումբի գործունէութեան կը շարունակէ աջակցիլ ՀԲԸՄ-ը։