Մենք Միջազգային Ատեաններու Մէջ Աշխատանք Կը Տանինք, Որպէսզի ազրպէյճանը Ազատէ Հայ Ռազմագերիները․Մուրատ Փափազեան

Աշխարհ, Հայաստան, Յօդուածներ – Զրոյցներ, Սփիւռք

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանի՝ ՀրապարակTV-ին տուած հարցազրոյցով անդրադարձ եղած է սփիւռքահայ ընդդիմադիր գործիչներու Հայաստան մուտք գործելու արգելիքին, Սփիւռք -Հայաստան խալխլուած կապերուն, Ֆրանսայի՝ մեր տարածաշրջանին եւ Հայաստանի մէջ ունեցած դերակատարութեան ու հնարաւորութիւններուն, ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու վերադարձին ուղղութեամբ ՀՀ իշխանութիւններու անգործութեան, Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութեան եւ այլ հարցերու:

«Զիջումներու շղթան անվերջ է: Փաշինեանը չի պաշտպաներ երկիրը: Մենք պատերազմ չենք ուզեր, բայց գիտենք նաեւ, որ եթէ իշխանութիւնները ամուր են, պատերազմ չ՝ըլլար: Մինչդեռ պէտք է աշխատանք տարուի միջազգային ընտանիքի հետ, որպէզի անոնք արգիլեն ազրպէյճանին եւ թուրքիոյ պատերազմական ոճով խօսիլ Հայաստանի հետ: Այս իշխանութիւնները կը խաբեն ժողովուրդը եւ, վախի մթնոլորտ ստեղծելով՝ կը փորձեն թշնամիին առջեւ ծունկի բերել երկիրը»,- ըսած է Մուրատ Փափազեան:

Խօսելով ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներուն մասին՝ Մուրատ Փափազեան նշած է,- «Մենք, Սփիւռքի մէջ իրարանցումի մէջ ենք 23 հայ ռազմագերիներուն համար, որովհետեւ մեզի համար մէկ հայու կեանքն ալ արժէք է: Ամէն տեղ միջազգային ատեաններու մէջ աշխատանք կը տանինք, որպէսզի ազրպէյճանը ազատէ հայ ռազմագերիները: Ինչո՞ւ Հայաստանը ազատ արձակեց ազրպէյճանցի բոլոր գերիները եւ ոչ թէ փոխանակեց մեր ռազմագերիներուն հետ»:

Հարցազրոյցը ամբողջութեամբ՝ տեսանիւթով․