
Պոլսոյ Մէջ Լոյս Տեսած է Աւետիս Հաճեանի «Թուրքիոյ Գաղտնի Հայերը» Գիրքը
Պոլսոյ «Իլեթիշիմ» հրատարակչատան կողմէ լոյս տեսած է լրագրող Աւետիս Հաճեանի «Թուրքիոյ գաղտնի հայերը» գիրքը։ Այս մասին կը յայտնէ www.akunq.net-ը՝ վկայակոչելով թրքական լրատուամիջոցները։
Աղբիւրին համաձայն՝ Աւետիս Հաճեանը գիրքի հրատարակման առիթով նշած է․ «Ընտանիքս, ընկերներս, գործընկերներս ու անծանօթները հնարաւոր դարձուցին այս գիրքը: Անոնց նուիրեալ աջակցութեան շնորհիւ այս գիրքը գրելու համար անցայ ճամբորդութիւններու եւ ուսումնասիրութիւններու մէջէն, որոնք տեւեցին աւելի քան չորս տարի: Այն ամէնը, ինչ արժէքաւոր է այս էջերուն մէջ, մեծ մասամբ անոնց աշխատանքն է: Իսկ անխուսափելի վրիպակներն ու սխալները միայն իմս են»։
«Թուրքիոյ գաղտնի հայերը» գիրքը կը պատմէ 1915 թ․ Ցեղասպանութենէն մազապուրծ հայերու մասին: Այս մարդոց՝ «ծպտեալ» կամ «թաքնուած» հայերը գտնելու ջանքերը Հաճեանը կ՝ուղղորդեն Սեբաստիայէն Վան, Բաղեշէն Այնթապ՝ երկար ու դժուարին ճանապարհորդութեան։ Ան կը հանդիպի տարբեր խումբերու՝ ցեղասպանութենէն առաջ կամ ետք մահմետականութիւն ընդունած հայերու, ինչպէս նաեւ անոնց, որոնք փորձած են պահպանել իրենց հաւատքը, եւ բացայայտօրէն կը պնդեն, որ հայ են եւ անոնց, որոնք կտրականապէս կը հերքեն իրենց հայ ըլլալը:
Թուրքական աղբյուրը՝ https://www.habereguven.com/bir-kitap-oku-bin-dusun-avedis-hadjian-turkiyenin-gizli-ermenileri
Թարգմանեց Տիգրան Չանդոյեանը
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ԵՌԱԳՈՅՆ-ը