Մենք Քայլեր Կը Ձեռնարկենք. ԱՄՆ Պետքարտուղարութեան Խօսնակը՝ Ռուբէն Վարդանեանի եւ Միւս Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Մասին

Աշխարհ, Հայաստան

Միացեալ Նահանգներ կը շարունակէ հետեւողականօրէն կոչ ընել ազրպէյճանին՝ յարգելու մարդու իրաւունքները, ներառեալ՝ բանտարկեալներու հիմնարար իրաւունքներն ու ազատութիւնները, եւ պիտի շարունակէ այդ ուղղութեամբ քայլեր ձեռնարկել։ Այս մասին, ըստ abcmedia.am-ի, լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին, ըսած է ԱՄՆ պետքարտուղարութեան խօսնակ Մեթիու Միլլըր՝ պատասխանելով  լրագրող Հայկարամ Նահապետեանի՝ ազրպէյճանի բանտերուն մէջ պահուող հայ բանտարկեալներու ճակատագրին, մասնաւորապէս՝ անոնց հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան գործով ԱՄՆ վարչակազմին ձեռնարկած գործողութիւններու մասին հարցին։

«Երբ խօսքը կը վերաբերի ազրպէյճանի մէջ պահուող բանտարկեալներու կարգավիճակին, առանց որեւէ յստակ դէպքի մասին խօսելու, Դուք տեսած եք, որ մենք հետեւողականօրէն կոչ կ՝ընենք ազրպէյճանին՝ յարգելու իր երկրին մէջ գտնուող բոլոր անձերուն մարդու իրաւունքները եւ հիմնարար ազատութիւնները, ներառեալ՝ բանտարկեալներունը: Դուք տեսած եք, որ մենք քայլեր կը ձեռնարկենք, երբ կը տեսնենք, որ ազրպէյճանը չի յարգեր իր երկրէն ներս բոլոր անձերուն մարդու հիմնարար իրաւունքները, եւ մենք պիտի շարունակենք վարել այդ քաղաքականութիւնը»,- յայտարարած է Պետքարտուղարութեան խօսնակը։

Լրագրողը, մասնաւորապէս, օրինակ բերած է ազրպէյճանի մէջ անօրինաբար կալանքի տակ պահուող Ռուբէն Վարդանեանի փաստաբանի՝ Ճարէտ Կենսերը, որուն ազրպէյճանը կը մերժէ մուտքի արտօնութիւն տրամադրել, որն ալ  անհնարին կը դարձնէ Վարդանեանի պաշտպանութիւնը եւ կը խախտէ անոր հիմնարար իրաւունքները։