
ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի Գրասենեակը Կ՝ողջունէ Զուիցերիոյ Ազգային Խորհուրդի Բանաձեւը՝ Արցախահայութեան Վերադարձին Վերաբերեալ
Զուիցերիոյ Դաշնային ժողովի ստորին պալատը՝ Ազգային խորհուրդը, ընդունած է պատմական բանաձեւ՝ երկրի կառավարութեան կոչ ընելով հրաւիրելու միջազգային ֆորում՝ նպաստելու եւ խթանելու Արցախէն բռնի տեղահանուած բնիկ հայ բնակչութեան վերադարձի իրաւունքին իրացումը։
Զուիցերիոյ Ազգային խորհուրդի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին կողմէ ներկայացուած միջնորդութիւնը կոչ կ՝ընէ ուղիղ բաց երկխօսութիւն սկսելու արցախահայութեան ներկայացուցիչներուն եւ ազրպէյճանի իշխանութիւններուն միջեւ եւ կը վկայակոչէ միջազգային հանրութեան անհերքելի պատասխանատուութիւնը՝ իրենց պատմական հայրենիք տեղահանուածներուն ապահով վերադարձի երաշխաւորման հարցով։
Կարեւոր է նկատել` բացի Լեռնային Ղարաբաղի հայերու ներկայացուցիչները ուղղակիօրէն բանակցութիւնների հրաւիրելէ, բանաձեւի հիմնաւորման մէջ յստակ կը նշուի. 2023 թուականի Սեպտեմբերին ազրպէյճանի ռազմական գործողութիւններէն ետք Լեռնային Ղարաբաղը դատարկուած է իր հայ բնակչութենէն՝ վկայակոչելով «փաստաթղթաւորուած ցեղական զտումները»:
Բանաձեւին մէջ նաեւ կ՝ընդգծուի՝ ազրպէյճանի իշխանութիւններուն ուղղակի սպառնալիքներն ու ռազմական գործողութիւնները վախ ներշնչած են եւ ստիպած են հայ բնակչութիւնը քանի մը օրուան ընթացքին լքելու հայրենիքը։ Բացի այդ, կը վկայակոչուի նաեւ Միջազգային քրէական դատարանի՝ 2023 թուականի Նոյեմբերին ընդունուած որոշումը, որմով ազրպէյճանէն կը պահանջուէր դադրեցնել հայկական կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման քաղաքականութիւնը՝ հաշուի առնելով եկեղեցիներու, գերեզմանատներու եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու աւերման փաստագրուած դէպքերը։
Այս փաստին առկայութիւնը ինքնին կը պահանջէ միջազգային երաշխիքներու անհրաժեշտութիւնը՝ յետագային պաշտպանելու տեղահանուած հայերուն կեանքը։
ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան, ողջունելով բանաձեւին ընդունումը, նշած է. «Ասիկա Զուիցերիոյ օրէնսդիր մարմնին կողմէ կարեւոր քայլ է, որ կ՝ընդգծէ Արցախի տեղահանուած հայերուն վերադարձի իրաւունքին աջակցող միջազգային իրաւական եւ քաղաքական աճող թափը։
Այժմ Զուիցերիոյ Նահանգային խորհուրդը պէտք է օգտուի հնարաւորութենէն՝ վաւերացնելով բանաձեւը եւ յետագային ճնշում գործադրէ համապատասխան կեդրոններու վրայ՝ պաշտպանելու Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ հայերուն հիմնարար իրաւունքները՝ իրենց հայրենիքին մէջ վերականգնելու ապահով, արժանապատիւ կեանքն ու կեցութիւնը»։
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
18 Դեկտեմբեր 2024 թ․