Ռուբէն Վարդանեանը Յանցագործ Չէ, Ինչպէս Կը Փորձէ Աշխարհը Մոլորեցնել ազրպէյճանի Բռնատիրական Վարչակարգը․ Կոչ Միջազգային Հանրութեան

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ջենեսիս Արմենիա ուղեղային կեդրոն/հիմնադրամը խստօրէն կը դատապարտէ հասարակական-պետական գործիչ, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան նուիրեալ Ռուբէն Վարդանեանի՝ պաքուի իշխանութիւններուն կողմէ դատական հետապնդման եւ հնարաւոր ցմահ ազատազրկման փորձը։

Ռուբէն Վարդանեանը միջազգային մարդասիրական իրաւունքի համաշխարհային պաշտպան է։ Ան հսկայական միջոցներ ներդրած է՝ համաշխարհային մակարդակով կեանքի կոչելու «Աւրորա» միջազգային ֆորումը՝ ձեռք մեկնելով համաշխարհային խնդրայարոյց կէտերու մէջ մարդասիրական աշխատանքներ կատարող նուիրեալներուն եւ օգնութեան կարիք ունեցող ժողովուրդներուն։ Անոր նուիրուածութիւնը մարդասիրական արժէքներուն յայտնի է ամբողջ աշխարհին։

Ռուբէն Վարդանեանը յանցագործ չէ, ինչպէս կը փորձէ աշխարհը մոլորեցնել ազրպէյճանի բռնատիրական վարչակարգը։ Վարդանեանը մտաւորական է, հասարակական եւ պետական գործիչ, իր ժողովուրդի ինքնորոշման եւ ազատ ապրելու իրաւունքին համար պայքարող մարդ։ 2023 թ. Սեպտեմբերին Արցախի դէմ ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմի պայմաններուն մէջ ան նախընտրեց կիսել ժողովուրդին ճակատագիրը, գերի տարուեցաւ, բայց անպաշտպան չի ձգեց իր ժողովուրդի զաւակները։ Ռուբէն Վարդանեանը ամբողջ կեանքին ընթացքին աջակցած է ազատութեան եւ արդարութեան գաղափարներու տարածման, ժողովրդավարական գործընթացներու կայացման, ժողովուրդներու համերաշխ եւ խաղաղ համակեցութեան գաղափարին։

ազրպէյճանի մէջ անոր նկատմամբ յարուցուած քրէական գործը շինծու է, ապօրինի եւ ուժեղ հարուած՝ արդարութեան ու մարդու իրաւունքներու հիմնարար սկզբունքներուն: Կոչ կ՝ընենք միջազգային հանրութեան, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի մշտական անդամներուն, արդարադատութեան համաշխարհային կառոյցներուն, ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու խորհուրդին, ԵԱՀԿ-ին եւ այլ կազմակերպութիւններու՝ դատապարտելու ազրպէյճանի իշխանութիւններուն այս քայլը, ամէն ճնշում գործադրելու, որպէսզի կանխուի Ռուբէն Վարդանեանի անարդարացի դատապարտումը եւ ապահովուի անոր ազատ արձակումը։

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ արդարութեան սկզբունքները կը պահանջեն վճռական քայլեր:

https://abcmedia.am/glxavor-noruthyunner/118129/