«Դարձի՛ր Նուիրատու Արցախցի Փոքրիկի Համար». ՀՕՄ-ի Արցախի Մեկուսի Մասնաճիւղ

Հայաստան, Սփիւռք

«ԺՊԻՏ» ամանորեայ ձեռնարկ

ՀՕՄ-ի Արցախի մեկուսի մասնաճիւղի վարչութեան նախաձեռնութեամբ կը մեկնարկէ Ամանորեայ ծրագիր՝ Արցախէն տեղահանուած, 2023թ. Սեպտեմբեր 19-ի պատերազմին եւ Սեպտեմբեր 25-ին վառելիքի պայթիւնէն զոհուածներու 2-6 տարեկան 110 երեխայի համար:

Բոլլոր անոնք, որոնք ցանկութիւն ունին մասնակցելու նախաձեռնութեան, կրնան պատրաստել նուէր փաթեթ եւ մինչեւ Դեկտեմբեր 30 ներկայացնել ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի գրասենեակ:

Ծրագիրը պիտի ամփոփուի 2025թ․ Յունուար 12-ին՝՝ ամանորեայ միջոցառումով, որուն կրնան մասնակցիլ նաեւ նուիրատուները:

Մանրամասնութիւններու համար զանգահարել՝

Հեռ.՝ 041 031 910, 097 265 999

ՀՕՄ Արցախի գրասենեակ, ք. Երեւան, Չարենցի 20