Ձեր Գործունէութիւնը Կը Վնասէ ԵՄ Հեղինակութեան․ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակը Նամակ Յղած է Միշէլին
Ի պատասխան Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի կողմէ իլհամ ալիեւին COP29-ի ղեկավարման ժամանակ հրապարակուած շնորհաւորական յայտարարութիւններուն, Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը իր հիասթափութիւնը կը յայտնէ եւ կը յիշեցնէ Եւրոպական խորհուրդի նախագահին Հոկտեմբեր 24-ին լիագումար նիստին կողմէ ընդունուած բանաձեւը։
Այս մասին գրուած է Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակին կողմէ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլին ուղարկուած բաց նամակին մէջ։
«Եւրոխորհրդարանը կը դատապարտէ ազրպէյճանը մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային իրաւունքի խախտման համար։
Բանաձեւի կէտին մէջ նաեւ կը նշուի, որ ազրպէյճանի յարձակումը ԼՂ–ի վրայ նաեւ 2020 թուականի Նոյեմբեր 9–ի եռակողմ հրադադարի յայտարարութեան ակնյայտ խախտում է ու ԵՄ միջնորդութեամբ ստանձնած բանակցութիւններուն ընթացքին ստանձնած պարտաւորութիւններու չկատարում։
Միշէլը քանի մը անգամ հրապարակաւ ընդգծած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան հիմնարար իրաւունքները ԵՄ–ի համար սկզբունքային հարց են, սակայն ազրպէյճանը այդուհանդերձ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրականացուց ցեղական զտումներու դասագրքային օրինակ։
Դժբախտաբար, մենք պէտք է դիտարկենք, որ ոչ միայն ձեր միջնորդութիւնը ձախողեցաւ, այլ նաեւ անոր հետեւանքով ձեր գործունէութիւնը կը շարունակէ վնասել ԵՄ հեղինակութեան»,- գրուած է նամակին մէջ։
