
ազրպէյճանը Պարտաւոր է Անյապաղ Ազատ Արձակելու Բոլոր Հայ Գերիները․ քպ-ի Կողմէ Չընդունուած ԱԺ Յայտարարութիւնը
Yerkir.am-ը կը ներկայացնէ ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւններուն յայտարարութիւնը՝ ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներուն վերաբերեալ, որ չընդունուեցաւ քպ-ի կողմէ։
Հիմք ընդունելով «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» ՀՀ Սահմանադրական օրէնքի 98-րդ եւ 123-րդ յօդուածները, ինչպէս նաեւ 12.11.2024թ. Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նիստին «ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներուն վերաբերեալ» հրատապ թեմայով քննարկման արդիւնքները,
Նկատի առնելով ՄԱԿ-ի «Կլիմայի փոփոխութեան մասին շրջանակային համաձայնագրի» մասնակիցներու խորհրդաժողովի 29-րդ նստաշրջանը (COP29) ս,թ, Նոյեմբեր 11-22 ազրպէյճանի մէջ իրականացնելու հանգամանքը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը.
Կը ՅԱՅՏԱՐԱՐԷ
ազրպէյճանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդին դէմ 2020 թուականի Սեպտեմբեր 27-էն մինչեւ 2023 թուականի Հոկտեմբեր 4 իրականացուած լայնածաւալ ռազմական յարձակման հետեւանքով ամբողջ արցախահայութիւնը ֆիզիքական ոչնչացման սպառնալիքի տակ ստիպուած եղաւ լքել իր պատմական հայրենիքը, ուր հայկական քաղաքակրթական ժառանգութիւնը ունի հազարամեակներու պատմութիւն: պաքուի վարչաձեւին կողմէ ցեղասպան քաղաքականութեամբ իրականացուած արցախահայութեան զանգուածային բռնի տեղահանումը միջազգային իրաւունքի կոպտագոյն խախտում է:
ազրպէյճանական յարձակման եւ արցախահայութեան բռնի տեղահանման հետեւանքով աւելի քան մէկ տարի ապօրինաբար գերութեան մէջ կը պահուին Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը եւ բազմաթիւ հայ գերիներ։ պաքուի բանտին մէջ մեր հայրենակիցները պահելը ոչ միայն ազրպէյճանի հայատեաց քաղաքականութեան հետեւանք է, որուն դրսեւորումները չեն դադրիր մինչեւ այժմ, այլեւ առկայ բանակցային գործընթացին մարդկային կեանքերը, ազատութիւնն ու արժանապատուութիւնը որպէս ճնշման միջոց օգտագործելու փորձ:
պաքուի մէջ իրականացուելիք ՄԱԿ-ի «Կլիմայի փոփոխութեան մասին շրջանակային համաձայնագիր»ի մասնակիցներու խորհրդաժողով 29-րդ նստաշրջանի (COP29) իրականացման զուգընթաց Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը
1.Կոչ կ՝ընէ միջազգային հանրութեան՝ օգտագործելու իր ազդեցութիւնը եւ պահանջելու ազրպէյճանի կողմէ անմիջապէս ազատ արձակելու Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը եւ միւս բոլոր հայ գերիները, որոնք անօրինական կերպով կը պահուին պաքուի մէջ:
2.Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կը հորդորէ աշխոյժ կերպով համագործակցելու միջազգային կազմակերպութիւններու հետ՝ հասնելու Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան եւ միւս բոլոր հայ գերիներու ազատ արձակման:
3.Կը յիշեցնէ ազրպէյճանի ղեկավարութեան, որ մեկնելով միջազգային իրաւունքի եւ մարդու իրաւունքներու հիմնարար դրոյթներէն՝ ազրպէյճանը պարտաւոր է անյապաղ ազատ արձակելու բոլոր հայ գերիները: