
ալիեւի Ձեռքերուն Հայերու Արիւնն է, Կը Պահանջեմ Միշէլի Հրաժարականը. Նիցայի Քաղաքապետ
Ֆրանսական Նիցայի քաղաքապետ Քրիստիան Էսդրոզին X-ի իր էջին վրայ գրած է․
«ազրպէյճանի նախագահը բռնապետ է, որուն ձեռքերուն հայերու արիւնն է։ Այս ձեռքսեղմումը ամօթալի է, քանի որ անիկա կը վիրաւորէ հայ ժողովուրդն ու անոնց յիշատակը, որ դէմ արտայայտուած են Արցախին մէջ ցեղական զտումներուն։
Շառլ Միշէլը այլեւս չի կրնար մնալ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ։ Էմանուէլ Մաքրոնէն կը պահանջեմ անոր հրաժարականը. զօրակցութիւն կը յայտնեմ հայ ժողովուրդին»։
«ԵՐԿԻՐ»