«Եկէ՜ք Միասին Բարձրանանք Շուշի». Վլադիմիր Գէորգեանի Լուսանկարներու Ցուցահանդէսը՝ Երեւանի Մէջ

Հայաստան

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակը սիրով կը հրաւիրէ Ձեզ` մասնակցելու լուսանկարիչ Վլադիմիր Գէորգեանի լուսանկարներու ցուցահանդէսին։ Ցուցահանդէսին ներկայացուած են Արցախի Շուշի քաղաքի մասին պատմող 45 լուսանկարներ։ Լուսանկարները Ձեզի կը փոխանցեն յաւերժական քաղաքի հոգեւոր լոյսը, ջերմութիւնն ու մշակութային պատկերը։

Եկէ՜ք միասին բարձրանանք Շուշի։ Բարձրանանք հոգիով ու մտքով` օր մը իրական նորէն բարձրանալու անմար նպատակով։

Մուտքը ազատ է։ Նոյեմբեր 10, ժամը 18։00 ՀԲԸՄ ցուցասրահ (Մելիք Ադամեան 2/2)

Միջոցառման իրականացման իր օրհնութիւնը պիտի տայ ՀԱՍԵ Արցախի թեմը։ Համագործակցութեամբ` ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան։