Արցախի Տոհմիկ Օր՝ Աւստրալիոյ Մէջ

Հայաստան, Սփիւռք

Աւստրալիոյ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին նախաձեռնութեամբ՝ կառոյցի 60-ամեակի տօնակատարութիւններուն ծիրէն ներս՝ Սիտնիի մէջ կազմակերպուած է «Արցախի Տոհմիկ օր»: Նոյն օրը, Սիտնիի Համազգայինի Գոլստըն քոլէճի բակին մէջ տեղադրուած է «Մենք են մեր սարերը» յուշարձանը: Անիկա ուղերձ է բոլորին, որ մեր ոչ նիւթական ժառանգութիւնն ու պատմութիւնը պիտի ապրին այնքան ժամանակ, քանի դեռ կան անոնց կրողները եւ քանի դեռ անոնք պիտի փոխանցուին սերունդներուն:

Տոհմիկ օրուան ներկայ եղած են կառոյցի 60-ամեակին առիթով Աւստրալիա գտնուող ՀՅԴ Բիւրոյի եւ ուղեկից միութիւններու Կեդրոնական վարչութիւններու ներկայացուցիչներ, անդամներ, հրաւիրեալներ: