Արցախի Ցեղական Զտումը Հնարաւոր Դարձաւ Մեր Ամօթալի Լռութեան Պատճառով. Եւրոխորհրդարանի Պատգամաւոր

Աշխարհ, Հայաստան

Անցած է մէկ տարի Լեռնային Ղարաբաղի ցեղական զտումէն, որ հնարաւոր դարձաւ մեր ամօթալի լռութեան պատճառով։ Այս մասին գրած է Եւրոխորհրդարանի պատգամաւոր Միրիամ Լեքսմանին։

«Մենք չենք կրնար մոռնալ այդ ողբերգութիւնը եւ պէտք է շարունակենք ճնշում գործադրել՝ մեղաւորները պատասխանատուութեան ենթարկելու, զոհերուն աջակցութիւն ցուցաբերելու եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութեան համար»,- գրած է ան։