
Պրիւքսէլի Մէջ, Արցախի Ցեղական Զտման Առաջին Տարելիցին Առիթով «Յիշատակի եւ Յոյսի» Երեկոյ Կազմակերպուած է
Համագործակցաբար Եւրոպայի շարք մը հայկական կազմակերպութիւններու՝ մասնաւորապէս, Գերմանիոյ «Մունք» նախաձեռնութեան եւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Պելճիքայի թեմին հետ, ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը Սեպտեմբեր 13-ին, Պրիւքսէլի հայկական եկեղեցւոյ մէջ, կազմակերպած է «Յիշատակի եւ յոյսի երեկոյ»։ Ձեռնարկի ընթացքին յիշատակուած է 2023 թուականի Սեպտեմբերին Արցախի բնիկ ժողովուրդի ամբողջական ցեղական զտումներուն առաջին տարելիցը։
Երկու հազարամեակի ընթացքին առաջին անգամ Արցախի՝ պապենական հայրենիքի մէջ, հայ չէ մնացած։ Յիշատակի երեկոն համախմբած էր պելճիքացի քաղաքական եւ հասարակական գործիչներ, լրագրողներ, կրօնական առաջնորդներ եւ հայ համայնքի անդամներ՝ ոգեկոչելու տեղի ունեցած հոգեւոր եւ մշակութային մեծ կորուստին տարելիցը:
Հանդիպման ընթացքին կարեւոր համարուած է Արցախի մէջ վտանգուած հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութեան հրատապ անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարուած է մարդասիրական այն ողբերգութեան, որ կը շարունակէ ներազդել հայ ժողովուրդի վրայ: Տարելիցի միջոցառումը իր ներկայութեամբ պատուած է ՀԱԵ Արցախի թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Վրթանես եպիսկոպոս Աբրահամեանը՝ ներկայացնելով Լեռնային Ղարաբաղէն հայ բնակչութեան բռնի տեղահանումն ու Արցախի մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան սպառնացող վտանգը, որ կը ներառէ շուրջ 5000 յուշարձան։
ՀԱԵ Արցախի թեմի առաջնորդի ելոյթին յաջորդած է երաժշտական բաժին՝ Լորանս Անահիտ Մխիթարեանի (դաշնամուր), Վարդան Յովհաննիսեանի (դուդուկ) եւ Մարիա Ապաճան-Շապերի (օբերա) կատարումներով:
ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանն իր խօսքին մէջ նշած է. «Արցախի բռնի հայաթափումը վէրք է իւրաքանչիւր հայու սրտին մէջ եւ մարդու հիմնարար իրաւունքներու խախտում, որ պէտք չէ անտեսուի միջազգային հանրութեան կողմէ: Մենք պիտի շարունակենք անխոնջ աշխատիլ՝ ապահովելու, որ աշխարհը քաղաքական օրակարգի վրայ պահէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը, եւ որ վերականգնուին անոր ժողովուրդին իրաւունքները, մասնաւորապէս՝ հաւաքական վերադարձի իրաւունքը։ Այսպիսի միջոցառումները կենսական նշանակութիւն ունին ե՛ւ մեր կորուստը ոգեկոչելու, ե՛ւ միջազգային հանրութիւնը տեղեկացնելու Արցախի հայութեան անօտարելի իրաւունքներու, ինչպէս նաեւ անոր վտանգուած մշակութային ժառանգութեան եւ ինքնութեան պաշտպանութեան ուղղուած քայլերու ձեռնարկման անհրաժեշտութեան մասին»։
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
17 / 09 / 2024թ