Բռնագրաւուած Բերձորի Ս. Համբարձում Եկեղեցին Քանդելէ Ետք ազրպէյճան Անոր Փոխարէն Մզկիթ Մը Կը Կառուցէ

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան Պետական խորհուրդը կը հաղորդէ, որ բռնագրաւուած Բերձորի Սուրբ Համբարձում եկեղեցին քանդելէ ետք ազրպէյճան անոր փոխարէն մզկիթ մը կը կառուցէ:

«Պետական խորհուրդը դեռեւս 2022 թուականի Սեպտեմբեր ամսում է յայտնել Սուրբ Համբարձում եկեղեցին մզկիթի վերածելու ազրպէյճանական վարչախմբի մտադրութեան մասին»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ: