
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց ԱՄՆ Հայոց Արեւելեան Թեմի Ուխտաւորները
Օգոստոս 22-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց ԱՄՆ Հայոց Արեւելեան թեմի ուխտաւորները` ուղեկցութեամբ Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տ. Աբրահամ քահանայ Մալխասեանի։
Իր օրհնութիւնը բաշխելով ուխտաւորներուն՝ Հայոց Հայրապետը կարեւոր նկատեց աշխարհասփիւռ հայորդիներուն կապը Հայրենիքի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հետ, որ լաւագույն առիթ է հոգեւոր նորոգութեան եւ հայրենասիրական զգացումներու զօրացման:
Նորին Սրբութիւնը պատգամեց նաեւ ներկաները հաւատքով զօրացած վերադառնալու իրենց համայնքները եւ շարունակելու հայրենանպաստ գործունէութիւնը՝ նախանձախնդրօրէն ներգրաւուելով ազգային-եկեղեցական կեանքին։