
ազրպէյճանի Կեղծիքներուն Հակադարձող Չկայ. ICOMOS Հայաստանի Գործադիր Տնօրէն Գագիկ Գիւրջեան
ազրպէյճանը կը շարունակէ ոչնչացնել իր կողմէ ամբողջովին բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան պատմամշակութային յուշարձանները։ Արցախը բռնագրաւելէ ետք ազրպէյճանը սկսաւ հայկական յուշարձանները ներկայացնել իբրեւ աղուանական կամ ալպանական։
Վերջերս Վատիկանի «L’Osservatore Romano» լրատուամիջոցը, հետեւելով ազրպէյճանական քարոզչութեան, յօդուած հրապարակած էր, ուր կը նշուի, որ Վատիկանը կոչ ըրած է ճանչնալու ազրպէյճանը՝ որպէս ալպանական եկեղեցւոյ ծննդավայր:
Յօդուածը վերնագրուած է «Դէպի քրիստոնէութեան աղբիւրները՝ ազրպէյճանի Ալպանական առաքելական եկեղեցւոյ հետքերով։ Ճամբորդութիւն Կովկասի հին Ալպանիոյ մէջ»։
168.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին՝ ԻԿՕՄՈՍ (ICOMOS – The International Council on Monuments and Sites) Հայաստանի (Յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու պահպանման միջազգային կոմիտէի) գործադիր տնօրէն Գագիկ Գիւրջեան կ՝ըսէ, որ այս թեմային վերաբերեալ վերջերս քննարկում իրականացուցած են եւ մէկ անգամ եւս համոզուած են, որ այդ ամէնը ազրպէյճանի աշխոյժ աշխատանքին արդիւնքն է։
«Այսինքն՝ կարելի է այսօրուայ աշխարհում ակտիւօրէն կեղծ նիւթեր հրատարակել, ամէն ինչ անել, յատկապէս, երբ տեսնում են, որ իրենց ընդդիմացող ու հակադարձող չկայ։

Ինքս բազմիցս ասել եմ, այժմ էլ կրկնում եմ, որ Հայաստանը պատմամշակութային ժառանգութեան ոլորտում չունի պետական արդիւնաւէտ կառավարման մարմին։ Սա ԿԳՄՍ նախարարութեան համակարգում է, եւ այս կառուցուածքով նա ուղղակի չի կարող գործել։ Անհրաժեշտ է ունենալ անկախ մարմին՝ ոչ միայն յուշարձանների պարագայում, այլեւ նիւթական եւ ոչ նիւթական ժառանգութեան ոլորտի պահպանութեան համար։ Այդ մարմինը պէտք է օժտուած լինի համապատասխան լծակներով, կահաւորուած լինի համապատասխան սարքաւորումներով, նաեւ համապատասխան մասնագէտներով»,- կը նշէ Գագիկ Գիւրջեան։
Անոր խօսքով՝ այսօր այս ոլորտէն ներս Հայաստանը ունի նաեւ մասնագէտներու պատրաստման խնդիր։ Հետեւաբար՝ անհրաժեշտ է պատրաստել մասնագէտներ, ինչպէս՝ տեսաբաններ, որոնք պիտի կարենան ընդդիմանալ, հակադարձել կեղծ հրապարակումներուն ու պնդումներուն։
Ի հարկէ, կան հասարակական կազմակերպութիւններ, որոնք այսօր կը գործեն իրարմէ անկախ, սակայն, Գագիկ Գիւրջեանի կարծիքով՝ այդ կազմակերպութիւնները մէկ թիրախի համար չեն աշխատիր։
«Տուեալ ոլորտի հասարակական կազմակերպութիւնները պէտք է խփէին մէկ թիրախի, որպէսզի արդիւնքը տեսանելի լինէր, ոչ թէ աշխատէին տարբեր թիրախների ուղղութեամբ։ Ուստի, եթէ վերը նշած մարմինը ստեղծուի, ապա այս աշխատանքները կը կարողանայ համակարգել։
Մենք դրսում էլ ունենք հասարակական կազմակերպութիւններ, որոնք նկարահանումներ են անում տիեզերքից, նիւթեր ձեռք բերում, հակադարձումներ անում, յօդուածներ տպագրում, բայց դրանք չեն համակարգւում, ինչի անհրաժեշտութիւնը կայ՝ յատկապէս հիմա։
Եւ այդ ամէնը պէտք է արուի պաշտօնական կառավարման համակարգով, պէտք է լինի մարմին, որը նաեւ Կառավարութեանը կը ստիպի, որպէսզի համապատասխան արձագանգներ տայ։ Հիմա, քանի որ այդ հակադարձումները չկան, ով ինչ ցանկանում՝ այն էլ անում է։ Ցաւով եմ ասում, որ ոլորտում համակարգուած աշխատանքը բացակայում է»,- կ՝եզրափակէ Գագիկ Գիւրջեան։