Աշխարհահռչակ Դերասան Քեւին Սփէյսին՝ «Ոսկէ Ծիրան» Փառատօնի Պատուաւոր Հիւր

Աշխարհ, Հայաստան

«Ոսկէ ծիրան» Երեւանի 21-րդ միջազգային փառատօնի պատուաւոր հիւրն է թատրոնի եւ շարժանկարի մեծագոյն դերասան Քեւին Սփէյսին՝ ոչ միայն իր սերունդի, այլեւ շատերու համոզմամբ՝ բոլոր ժամանակներու լաւագոյն դերասաններէն մէկը։ Այս մասին կը հաղորդէ «ԵՐԿԻՐ»-ը։

Սփէյսին ոչ միայն կրկնակի Օսքարակիր է, այլեւ արժանացած է Լոուրէնս Օլիվիէի մրցանակին՝ լաւագոյն թատերական դերակատարման համար, ինչպէս նաեւ «Golden Glob» ստացած էլ՝ որպէս «Հեռատեսիլի դրուագաշարի լաւագոյն դերասան»:

Ան կերպարներ կեանքի կոչած է 1990-2010-ականներու ամենաակնառու ամերիկեան ֆիլմերու մէջ, ինչպէս՝ «Քէյ-Փեքսը» (2001), «Եօթը» (1995), «Ամերիկեան գեղեցկութիւնը» (1999), «Կասկածելի դէմքերը» (1996), «Խաղաթղթէ տնակը» հեռատեսիլի դրուագաշարը (2013-2017) եւ այլն:

Քեւին Սփէյսին համագործակցած է վերջին 40 տարուան լաւագոյն ամերիկացի ու բրիտանացի բեմադրիչներու՝ Տէյւիտ Ֆինչըրի, Ալան Փարքըրի, Սեմ Մենտեսի, Էդգար Ռայթի, Քըրթիս Հենսընի, Ճէյ. Սի. Չենտըրի, Ճոն Լասեթըրի, Տունքան Ճոնսի, Մայք Նիքըլսի, Պրայըն Սինկըրի, Ճէյմս Ֆոուլիի, Ալան Ճէյ. Փաքուլայի եւ այլոց հետ՝ պաստառին յայտնուելով Պրեդ Փիթի, Մարթին Ֆրիմընի, Ալ Փաչինոյի, Քիմ Պէյսինկըրի, Ռասէլ Քրոուի, Սեմ Ռոքուելի, Կուինեթ Փելթրոուի, Ճէֆ Պրիճըսի, Ճէք Լեմընի, Անէթ Պենինկի պէս աստղերու կողքին: