
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը Խստօրէն Կը Դատապարտէ Ոստիկանութեան Հակաօրինական Գործողութիւնները. Յայտարարութիւն
Յունիս 12-ի երեկոյեան ՀՀ ոստիկանութիւնը Երեւան քաղաքի Բաղրամեան եւ Դեմիրճեան փողոցներու հատման հատուածին վրայ, առանց օրինական հիմքերու, յատուկ միջոցներու կիրառմամբ բիրտ եւ ոչ համաչափ ուժ գործադրեց խաղաղ ցուցարարներու վրայ:
Հարիւրէ աւելի քաղաքացիներ, նաեւ` լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ, վնասուածքներ եւ վիրաւորումներ ստացած են, ապօրինի ձերբակալուած են բազմաթիւ քաղաքացիներ։
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը խստօրէն կը դատապարտէ ոստիկանութեան հակաօրինական գործողութիւնները, քաղաքական մեծամասնութեան՝ բռնաճնշումներն արդարացնող եւ զանոնք խթանող դիրքաւորումը։
Տեղի ունեցածի անվերապահ մեղաւորն ու պատասխանատուն Նիկոլ Փաշինեանն է եւ անոր խուլիգանական խմբակը։
Կատարուածը եւս մէկ անգամ կը փաստէ, որ գործող իշխանութիւնը չունի հանրային նուազագոյն օրինականութիւն։
Միջազգային կազմակերպութիւններու լռութիւնը կարելի է դիտարկել որպէս Հայաստանի մէջ մենատէր վարչաձեւի ամրապնդման, ժողովրդավարական հիմնարկներու կազմաքանդման, քաղաքական բռնաճնշումներու եւ ոստիկանական բռնութիւններու համար կանաչ լոյս։
Հայաստանի պետականութեան, Հայրենիքի ու արժանապատուութեան այս համաժողովրդական պայքարը անկասելի է, իսկ ՀՀ քաղաքացին իրաւունք ունի իրացնելու իր սահմանադրական իրաւունքները։
Երկրին մէջ առկայ ճգնաժամին միակ հանգուցալուծումը Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականն է, խաղաղ ճանապարհով անոր հեռացումը։
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմին
13 Յունիս, 2024 թ․