
Միացէ՛ք Պայքարին՝ Կասեցնելու Փաշինեանի Իշխանութեան Պետականակործան Ընթացքը, Ռուսիոյ Հայկական Կազմակերպութիւններ
Ռուսիոյ հայկական կազմակերպութիւնները յայտարարութիւն տարածած են՝ դատապարտելոյ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ Խաղաղ ցուցարարներու եւ լրագրողներու հանդէպ առանձնակի դաժանութեամբ կիրառուած բռնութիւնները։ Միեւնոյն ժամանակ հայկական կազմակերպութիւնները կոչ կ՝ընեն համայն հայութեան՝ չմնալու անտարբեր, արտայայտելու իրենց վերաբերմունքն ու տեսակէտը, դատապարտելու ՀՀ իշխանութիւններուն ապազգային, հակահայ եւ հակամարդկային գործունէութիւնը։
Կազմակերպութիւնները կը յորդորեն սփիւռքի իրենց հայրենակիցներուն լիարժէքօրէն միանալու պայքարին՝ կանխելու յետագայ բռնութիւնները, կասեցնելու Նիկոլ Փաշինեանի եւ իր խումբի պետականակործան ընթացքը։
