Գամիշլիահայութիւնը Յիշատակեց Հայաստանի Ա․ Հանրապետութեան 106-ամեակը

Հայաստան, Սփիւռք

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշքարեանի, նախագահութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, կազմակերպութեամբ ՍԵՄ֊ի «Ն. Դուման» մասնաճիւղի վարչութեան Կիրակի, 26 Մայիս 2024֊ի երեկոյեան «Կիւլպէնկեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Անկախութեան 106-ամեակին նուիրուած շքեղ տօնակատարութիւն։

Հանդիսութեան ներկայ էին Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան, Պատկան Մարմինի, ազգային մարմիններու , միութիւններու ներկայացուցիչներ ու հոծ բազմութիւն։

Հանդիսավար Գէորգ Նազարեան հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը անմահ նահատակներուն, որմէ ետք հնչեց Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Անահիտ Սարգիսեան, որ պատմական ակնարկով անդրադարձաւ Մայիսեան յաղթանակներուն եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտումին։

Օրուան խորհուրդը ներկայացուց Նայիրի Մկրտիչեան, յայտնելով, որ «Մայիս 28-ի համահայկական տօնակատարութիւնը միշտ իր իւրայատուկ նշանակութիւնը ունեցած է, որովհետեւ միշտ գիտակցած ենք որ Մայիս 28-ը մեր պետականութեան կերտումը իր մէջ խտացնող պատմական թուական մըն է, մեր պետական սրբազան խորհրդանիշներուն ծնունդ տուող բեղուն արգանդն է, եւ հայոց եռագոյնը խոյացնող փարոսը։ Մեր առաջին հանրապետութիւնը իր կարճատեւ գոյութեամբ հանդերձ, հայոց պետականութեան այն ամուր հիմնաքարն է, որ կը պայծառացնէ մեր ներկան, եւ անոր վրայ պիտի շարունակէ կերտուիլ նաեւ մեր լուսաւոր ապագան։ 1918-ի Մայիսեան օրերուն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կողքին անհերքելիօրէն ոտքի էր ողջ հայ ժողովուրդը, որ որպէս մէկ բռունցք դէմ ելաւ թրքական բարբարոսութեան եւ կերտեց փառապանծ յաղթանակ. 28 Մայիսի միասնականութեան պատգամը, նաեւ մեզ ուղղորդեց ու ճամբայ հարթեց հասցնելով Արցախեան հերոսամարտի յաղթանակին. Մայիս 28-ի միասնական պայքարով կերտուած յաղթանակը նաեւ պատգամ է մեր յաջորդ սերունդներուն, որ տէր կանգնին ամբողջական Հայաստանին, պայքարին այնքան մինչեւ Արարատը Արագածին հետ երկխօսի Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանէն այս կողմ»:

Աւետիք Իսահակեանի բանաստեղծութիւններու համադրում մը ասմունքեց Անդրանիկ Արսէնեան։ Համազգայինի «Աւ. Ահարոնեան» «Կոմիտաս» երաժշտանոցի աշակերտները իրենց առաջին ելոյթը ունեցան նուագով եւ մեներգով, որմէ ետք «Յովհաննէս Այւազովսկի» գծագրութեան դպրոցի դասատուները Արամ Մանուկեանի եւ Դրոյի գծագրուած պատկեռները ներկայացուցին։

Ընկերակցութեամբ երգեհոնահար Քրիստափոր Միքայէլեանի, մեներգողներ Ռաֆֆի Օհանեան, Եւա Մանուկեան Սէլիմեան եւ Ատուր Ադամեան ազգային երգերով խանդավառեցին ներկաները։

Հոգշ. Հայր Սուրբը մէջբերելով Սարգիս Զէյթլեանի խօսքը ըսաւ. «Մայիս 28 տօնել, կը նշանակէ ամէն բան ստորադասել ազգին եւ հայրենիքին համար»: Իր խօսքը ծնողներուն ուղղելով շեշտեց թէ «Մայիս 28 տօնելե անհրաժեշտութիւն է մեզի համար եւ հայ ծնողքին պարտականութիւնն է զաւակը դաստիարակել որպէս հայ։ Եթէ այս դաստիարակութիւնը չքանայ, դժբախտաբար Արցախը պիտի չազատագրենք, իսկ եթէ խորանայ այս դաստիարակութիւնը եւ արմատանայ մեր մէջ, այն ատեն իսկապէս մենք կը հասնինք մեր նպատակին»:

Տօնակատարութիւնը իր աւարտին հասաւ «Պահպանիչ»-ով:

Վանա Կիրակոսեան