Արցախի ԱԺ Շէնքը Քանդելով պաքուն Հերթական Անգամ Ողջ Աշխարհին Ցոյց Տուաւ Իր Ցեղասպան Դէմքը․ «ՀայաՔուէ»

Աշխարհ, Հայաստան

«ՀայաՔվե» («ՀայաՔուէ») նախաձեռնութեան խորհուրդը տարածած է հետեւեալ յայտարարութիւնը․

«Մեծ ցաւով տեղեկացանք, որ պաքուի բռնապետական վարչաձեւը քանդել տուած է Արցախի անկախ պետականութեան խորհրդանիշերէն մէկը՝ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի շէնքը։ Հայ ժողովուրդը մէկ անգամ եւս համոզուեցաւ, որ ազրպէյճանը բացարձակապէս պատրաստ չէ Հայաստանի հետ կայուն, անկեղծ ու երկարատեւ խաղաղութեան։

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի շէնքը քանդելը, մեր խորին համոզմունքով, պաքուի բռնապետական վարչախումբին պատասխանն է Արցախի Ազգային Ժողովի վերջին շրջանի այն նախաձեռնութեան, որ նպատակ ունի կազմակերպել արցախցիներուն վերադարձը հայրենի օճախներ՝ միջազգային արդիւնաւէտ երաշխիքներու ներքոյ․ ուստի վանտալութեան այս ստոր ակտը ուղերձ է առ այն, որ պաքուն չի պատրաստուիր հանդուրժել հայ մարդու արժանապատիւ մուտքը Արցախ։

Այս քայլով պաքուն հերթական անգամ ողջ աշխարհին ցոյց տուաւ իր ցեղասպան ու բարբարոս դէմքը։ Քննադատութեան չի դիմանար միջազգային հանրութեան կողմէ պատշաճ արձագանգի բացակայութիւնը ընդհանրապէս, եւ ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան անգործութիւնը՝ մասնաւորապէս։

պաքուի նման քաղաքականութիւնը նաեւ արդիւնքն է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ իշխանութիւնը գրաւած վարչակազմին հակազգային ու անողնաշար կեցուածքին։ Այս ամէնը ցոյց կու տայ, որ թշնամիին հակամարդկային գործելաոճը պիտի դադարի միայն այն ժամանակ, երբ հայ ժողովուրդը համախումբ ու արժանի հակահարուած տայ զինք ցեղասպանել ձգտող պաքուի վարչախումբին եւ վերականգնէ իրաւունքները սեփական հայրենիքի նկատմամբ»։