Մենք Արցախի Մէջ Շէնքեր ու Տուներ Չենք Ձգած, Ձգած Ենք Մեր Կեանքերը, Ձգած ենք Ողջ Հայրենիք Մը․ Մետաքսէ Յակոբեան

Հայաստան

ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ գրաւուած Արցախի Ազգային Ժողովի «Արդարութիւն» խմբակցութեան անդամ Մետաքսէ Յակոբեան կը գրէ.

«Պայքարի մէջ սուգ չկա՛յ, խեղճութիւն ու թուլութիւն չկա՛յ… այն, որ ՀՀ-ի մէջ իշխանութեան գրաւման դերակատարներն ու ԱՀ-ի մէջ անոնց դրածոները, թէ պատասխանատու եւ, թէ մեղաւոր են, որ Արցախը բռնագրաւած է թշնամի ազրպէյճանը, իսկ Հայաստանը վտանգի մէջ է, այլեւս կայացած փաստ է: Քոչուոր վայրենիներու աւերող ու արնախում տեսակը մեզի բաժին հասած է ու ոչինչ փոխուած է, որքան ալ փորձեն «կիրթ ու կառուցողական» ներկայացնել անոնց:                                                                          

Չթուլնա՛ք, չխեղճանա՛ք. մենք Արցախի մէջ շէնքեր ու տուներ չենք ձգած, մեր կեանքերը ձգած ենք, ողջ Հայրենիք մը գաղծ ենք: ՊԷՏՔ Է ԵՐԹԱԼ ԿԵԱՆՔԵՐՈՒ ԵՏԵՒԷՆ…»։