2024 – Մարդուժի Պատրաստութեան Տարի

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդի զաւակներուն, 2003-էն սկսեալ` տարիներէն իւրաքանչիւրը ձօնած ենք մեր հաւաքական կեանքին առնչուած դէպքի մը, երեւոյթի մը, արժէքի մը կամ մտահոգութեան մը: Տուեալ նիւթի ծիրէն ներս անհրաժեշտ վերլուծումը եւ շեշտաւորումները կատարած ենք, եւ ապա Մեր հայրական թելադրութիւնները փոխանցած` որ մեր ժողովուրդին: Յաճախ կարեւորութեամբ անդրադարձած ենք, որ եկեղեցին իր էութեամբ ու կոչումով դէպի ժողովուրդ ուղղուած առաքելութիւն է: Արդարեւ, Քրիստոսին ուսուցումները տեսական ու պարագայական չէին, անոնք անմիջական աղերս ունէին ժողովուրդի կեանքին հետ: Այսօր եւս եկեղեցին կոչուած է իր հոգեւոր հօտը հրաւիրելու, որ հոգեւոր խորհրդածութիւններու ու հաւաքական քննարկումներու ճամբով անդրադառնայ իր կեանքին հետ սերտ առնչութիւն ունեցող մտահոգութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն: Միաժամանակ եկեղեցւոյ առաքելութիւնն է անհրաժեշտ ցուցմունքները կատարել` ի խնդիր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներու առաւել կենսաւորման: Ա՛յս նպատակը կը հետապնդեն Մեր հայրապետական հռչակագրերը: Գոհունակութեամբ կ՛ուզենք յայտնել, որ ցարդ հրապարակուած հռչակագրերը մեր հաւաքական կեանքէն ներս առիթ հանդիսացած են լայն քննարկումներու եւ իրենց պարզած մտահոգութիւններուն ու կատարած թելադրութիւններուն լոյսին տակ մեր ժողովուրդի զաւակները մղած` վերաքննութեան ու վերարժեւորման ենթարկելու իրենց անհատական թէ համայնական կեանքը:

Ինչպէս գիտէք, 2022 եւ 2023 տարիները նուիրած էինք սփիւռքին` 2022-ը յայտարարելով ընդհանրապէս «Սփիւռքի տարի», իսկ 2023-ը` «Սփիւռքի տարի – ինքնաքննութենէ վերակազմակերպում»: Պատահական չէր յաջորդական երկու տարիներուն սփիւռքը լուսարձակի տակ բերելու Մեր որոշումը: Սփիւռքը իր կազմաւորման ու ծաւալման հոլովոյթը ունի եւ միշտ ենթակայ է եղած արտաքին ազդակներու ու շրջապատի պայմաններու ազդեցութեան: Այսօր սփիւռքը լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուի: Նկատի ունենալով համաշխարհային մշակոյթի թափանցումը հայ կեանքէն ներս, ազգային արժէքներու նահանջը, հայ լեզուի աղաւաղումը եւ այլ հրատապ խնդիրներ` այսօր սփիւռքին վերարժեւորումը եւ վերակազմակերպումը դարձած է անյետաձգելի հրամայական:

Սփիւռքին նուիրուած երկու հռչակագրերուն մէջ սփիւռքին պարզած ներկայ կացութեան վերաբերեալ 2022-ին հետեւեալ հաստատումը կատարեցինք. «Սփիւռքը հայօրէն արագ մաշումի ընթացքի մէջ է, մեր կառոյցները սկսած են կորսնցնել իրենց այժմէականութիւնը,

եւ հետեւաբար անհրաժեշտ է սփիւռքի վերակենսաւորումը` մեր կեանքը շրջապատող ներկայ պայմաններուն ու իրականութիւններուն լոյսին տակ»: Իսկ 2023-ին, անդրադառնալով սփիւռքի կառոյցներուն, հետեւեալ յիշեցումը կատարեցինք. «Սփիւռքը ունի մշակութային, հոգեւոր, տնտեսական, մասնագիտական, յարաբերական թէ փորձառական հսկայ ներուժ: Սակայն տեղ մը համակերպումը ու տեղայնացումը, այլ տեղ անտարբերութիւնն ու անտեսումը սկսած են հայ կեանքէն հեռացնել իր սեփական ներուժը: Փաստօրէն սփիւռքը չէ կրցած իր ներուժին տէր դառնալ եւ զայն ճիշդ ու ամբողջական կերպով օգտագործել: Սփիւռքի ներուժին կազմակերպումը ու օգտագործումը անհրաժեշտութիւն է: Նման հսկայ ծրագիր կ՛ենթադրէ հաւաքական ու հետեւողական աշխատանք»:

Յիշեալ երկու հռչակագրերուն մէջ, պարզելէ ետք սփիւռքի համայնքներուն ու կառոյցներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները, շեշտեցինք, որ հայ կեանքի բոլոր բնագաւառներէն ներս մարդուժի պակասը  փաստօրէն սկսած է իր ներկայութիւնը զգալի դարձնել: Այլ խօսքով, բոլոր գաղութներէն ներս մասնագէտ, փորձառու ու յանձնառու մարդոց թիւը սկսած է հետզհետէ նուազիլ: Սա խորապէս մտահոգիչ երեւոյթ մըն է թէ՛ համասփիւռքեան տարողութեամբ եւ թէ՛ իր աննախատեսելի հետեւանքներով: Արդարեւ, մեր կառոյցները կենսաւորողը, մեր համայնքները ծաղկեցնողը, սփիւռքը որպէս հայակեդրոն գոյութիւն ամրապնդողը, անոր ազգային ինքնութիւնը պահողը եւ որակ ու ուղղութիւն տուողը իր մարդուժն է` հոգեմտաւոր պատրաստութիւն, մասնագիտական կազմաւորում ու ամբողջական նուիրում ունեցող մարդուժը: Ա՛յս խոր համոզումէն մեկնելով, 2024 տարին կը հռչակենք`

ՄԱՐԴՈՒԺԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻ

* * *

Աստուածաշունչը կը յիշեցնէ, որ Աստուած տիեզերքի ստեղծագործութեան վեցերորդ օրը մարդը ստեղծեց (Ծն 1.26-27, 2.7): Մարդու ստեղծագործութիւնը, յարաբերաբար տիեզերքի միւս արարածներուն, տարբեր էր ո՛չ միայն իր ժամանակով ու եղանակով, այլ նաեւ` իր նպատակով: Աստուածաշունչը կը վկայէ, որ «Աստուծոյ պատկեր»-ին համաձայն ստեղծուած մարդը կոչուած էր ըլլալու ստեղծագործութեան խնամողը, զայն պաշտպանողն ու հարստացնողը (Ծն 1.28-30). այլ խօսքով` Աստուծոյ «գործակից»-ը (Ա.Կր 3.9-17): Ի՜նչ սրբազան կոչում… Բայց մարդը դաւաճանեց իր աստուածատուր կոչումին, իրեն տրուած առանձնաշնորհումը չարաշահեց զայն` օգտագործելով իր հաճոյքին ու փառքին համար եւ իր անհաւատարմութեան պատճառով վտարուեցաւ դրախտէն (Ծն 3):

Սակայն Աստուած միշտ մնաց հոգածու` մեղանչած մարդուն նկատմամբ: Աստուած իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկեց, որպէսզի իրմէ հեռացած մարդը մօտեցնէ իր Երկնաւոր Հօր: Աստուծոյ Որդին մարդացաւ եւ նոյնիսկ իր արիւնը թափեց, որպէսզի վերականգնէ մարդը իր աստուածային պատկերին եւ աստուածատուր առաքելութեան մէջ: Ա՛յս է Աստուածաշունչի, աստուածային յայտնութեան նպատակն ու պատգամը: Աստուածաշունչը յատուկ կարեւորութեամբ կը շեշտէ մարդուն իւրայատուկ տեղն ու եզակի դերը աստուածային յայտնութեան ու ծրագրին մէջ: Արդարեւ, զանազան առակներու, դէպքերու եւ ուսուցումներու ճամբով Աստուածաշունչին մէջ կը տեսնենք մարդուն, նոյնի՛սկ մեղաւոր մարդուն նկատմամբ Աստուծոյ ցուցաբերած հայրական սէրն ու հոգածութիւնը. այսպէս,  օրինակ, երբ հովիւը 99 ոչխարները կը ձգէ, մէկ ոչխարի փնտռտուքը կատարելու (Մտ 18.11-14), երբ հայրը իր անառակ որդին գրկաբաց կ՛ընդունի (Ղկ 15.11-32): Աստուածաշունչը կ՛ընդգծէ, որ մարդը` այր թէ կին, արժէք է Աստուծոյ համար: Սակայն մարդուն արժէքը սոսկ իր ֆիզիքական գոյութեան մէջ չի կայանար, այլ` Աստուծոյ նկատմամբ իր ունեցած հաւատարմութեան ու հնազանդութեան մէջ:

Բոլոր կրօններն ու քաղաքակրթութիւնները յատուկ ուշադրութեան արժանացուցած են մարդը` որպէս մտածող, գործող, կառավարող եւ իր ստեղծագործ ոգիով ընկերութեան կեանքը զարգացնող եւ անոր իմաստ ու ուղղութիւն տուող իրականութիւն: Հին փիլիսոփաներուն, հոգեբաններուն ու ընկերաբաններուն կողմէ մարդը լուրջ վերլուծումի նիւթ դարձած է եւ կը շարունակէ դառնալ մասնաւորաբար արհեստագիտութեամբ տիրապետուած ներկայ աշխարհին մէջ: Ազգերու պատմութիւնը կը պարզէ, որ բոլոր իրագործումներուն, գիւտերուն ու զարգացումներուն ետին կը գտնուի մարդը: Ահա թէ որքա՜ն առանցքային է մարդուն դերը տիեզերքին ու ընկերութեան կեանքին մէջ: Երկիրներ, համայնքներ, ընկերութիւններ, կազմակերպութիւններ կը զարգանան, կը յառաջդիմեն ու կը հզօրանան ո՛չ միայն իրենց ունեցած նիւթական հարստութեամբ, քաղաքական կամ զինուորական առաւելութիւններով ու ներուժով, այլ` զանոնք հնարող, զարգացնող, կառավարող ու պաշտպանող մարդուժով:

* * *

Նշեցինք ու դարձեա՛լ կը շեշտենք, որ հայ կեանքէն ներս մարդուժի պակաս կայ: Դժբախտաբար մեր թերութիւնները, բացթողումները, տկարութիւնները տեսնելու եւ ընդունելու քաջութիւնը եւ իմաստութիւնը յաճախ կը պակսին մեզի: Հակամէտ ենք ամէն բան վարդագոյն տեսնելու, սխալը ծածկելու եւ կամ սխալին պատճառը այլ տեղ փնտռելու: Կրօնական բարոյագիտութիւնը եւ ընդհանրապէս ժողովրդային իմաստութիւնը կը յուշեն, որ սխալը ընդունիլը յաջողութեան կէս ճամբան է: Ընդհանուր ակնարկ մը մեր գաղութներու, համայնքներու, կազմակերպութիւններու ու կառոյցներու կեանքին վրայ յստակօրէն ցոյց կու տայ, որ մարդուժի պակասը հետզհետէ աւելի կը խորանայ ու կը ծաւալի, եւ անոր այլազան ու բազմազան բացասական հետեւանքները կը դառնան ակներեւ: Անընդունելի է այս մտահոգիչ կացութեան դիմաց անտարբեր մնալ: Համասփիւռքեան այս յոյժ կարեւոր կարիքը դարմանելու հաւաքական աշխատանքին մէջ բոլորս ալ ընելիք ու տալիք ունինք: Քաջ պէտք է գիտնանք, որ առանց մարդուժի` մեր կեանքը պիտի կորսնցնէ իր որակը, պիտի ճահճանայ ու գունաթափի, եւ մեր գոյութեան արմատները պիտի տկարանան: Մարդուժի պատրաստութիւնը անյետաձգելի առաջնահերթութիւն է:

Ինչո՞ւ մարդուժի պակաս կայ սփիւռքի կեանքէն ներս, ի՞նչ են ատոր պատճառները: Անհրաժեշտ է նման հարցադրումներ կատարել եւ առարկայական մօտեցումով փորձել պատասխաններ գտնել: Մարդուժի իմաստով այսօր հայ կեանքը հետեւեալ պատկերը կը պարզէ. առաջին մեր ունեցած ներկայ մարդուժը ընդհանրապէս չի համապատասխաներ ներկայ ժամանակներու կարիքներուն ու պահանջներուն: Երկրորդ` մեր մարդուժին կարեւոր մէկ մասը փաստօրէն կա՛մ հայ կեանքի լուսանցքին վրայ կը գտնուի եւ կա՛մ հեռու է հայ կեանքէն:

* * *

Ներկայ Մարդուժին Ներառումը
Հայ Կեանքէն Ներս

Մարդուժի վերակազմակերպման ու հզօրացման առաջին կարեւոր քայլը պէտք է ըլլայ հայ կեանքի մայր էջէն հեռու գտնուող մեր մարդուժը ներգրաւել հայ կեանքէն ներս:

Պահ մը դիտենք մեր շուրջը: Ճի՛շդ է`  մասնագէտներ ունինք զանազան մարզերէն ներս, սակայն անոնցմէ շատեր հեռու են մեր կեանքէն: Զարգացած երիտասարդներ ունինք, սակայն շատեր մասնակից չեն մեր կառոյցներու գործունէութեան: Նուիրեալ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ ունինք, սակայն շատեր կը գործեն ոչ հայկական կրթական կառոյցներէն ներս: Ինչ-ինչ պատճառներով եւ զանազան բնագաւառներէն ներս հայ կեանքէն հեռու մնացած մարդուժին թուարկումը կարելի է շարունակել: Այս տխուր իրականութենէն մեկնած` անհրաժեշտ է հարց տալ, թէ ինչո՞ւ մեր մարդուժին մէկ կարեւոր մասը հեռացած է մեր համայնական կեանքէն: Հարցադրումները մեզ պէտք է մղեն ախտաճանաչումի, իսկ ախտաճանաչումը` սրբագրումի: Բոլոր պարագաներուն, մեր մօտեցումը պէտք է ըլլայ իրատես, ո՛չ զգացական, գործնական, ո՛չ տեսական, տեղական, ո՛չ ընդհանրական: Հարկ է նկատի ունենալ սփիւռքի զանազան շրջաններուն դիմագրաւած աշխարհաքաղաքական պայմանները եւ անոնց պատճառով յաճախ տեղի ունեցած ներքին տեղաշարժերը, տնտեսական պատճառներով որոշ գաղութներու տկարացումը եւ այլ գաղութներու ծաւալումը, համայնքներու նկարագրի փոփոխութիւնը, շրջապատային պայմաններու տարբերութիւն եւ այլն.: Տակաւ շարունակուող այս բոլոր զարգացումները հարկ է արժեւորել հայ կեանքէն ներս իր ներկայութիւնը հաստատած համաշխարհային մշակոյթի լոյսին տակ: Բնականաբար յիշեալ երեւոյթները իրենց բացասական անդրադարձը ունեցած են որոշ թիւով մարդուժի թէ՛ հայ կեանքէն հեռացման եւ թէ՛ գաղութէ մը այլ գաղութ տեղափոխման վրայ:

Վերոյիշեալ արտաքին ազդակներուն կողքին, նաեւ ներքին եւ անձնական պատճառներ  մղած են որոշ թիւով մարդիկ` հեռու մնալու մեր հաւաքական կեանքէն: Այսպէս, համայնքային ղեկավարութեան ցուցաբերած երբեմն անտարբեր մօտեցումները եւ երբեմն միակողմանի դիրքորոշումները գաղութը յուզող հարցերուն նկատմամբ, կառոյցներու կեանքէն ներս երեւան եկող մրցակցութիւնները, հին եւ նոր սերունդներու անյարիր մտածելակերպերը, մարդուժին ճիշդ եւ արժանի գնահատանքը կատարելու պակասը, ինչպէս նաեւ` աւելի լայն հորիզոններու բացուելու եւ աւելի բարձր նիւթական եկամուտ ապահովելու ցանկութիւնները եւ այլն:

Այս մտահոգիչ երեւոյթին դիմաց չենք ուզեր այպանել ո՛չ հեռու մնացողները եւ ո՛չ ալ անոնց հեռու մնալուն պատճառ հանդիսացած կառոյցները կամ պատասխանատուները: Կ՛ուզենք բարձրագոյն աստիճանի կարեւորութեամբ շեշտել, թէ աւելի քան երբեք հրամայական է, որ զանազան պատճառներով հայ կեանքէն հեռու գտնուող մեր մարդուժը մօտենայ հայ կեանքին, մասնակից դառնայ մեր հաւաքական ապրումներուն, մաքառումներուն, ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն: Այս հաստատ կամեցողութիւնն ու գիտակից յանձնառութիւնը կը սպասենք հեռու մնացողներէն: Միաժամանակ` կը սպասենք, որ պատասխանատու մարմիններ լայն կարելիութիւններ ստեղծեն մեր մարդուժին ու յատկապէս երիտասարդ ուժերուն` զանոնք ներգրաւելով մեր կառոյցներէն եւ ընդհանրապէս հայ կեանքէն ներս: Մեզի համար սիրելի եւ յարգելի է մեր մարդուժը: Հետեւաբար ընդունելի չէ, որ մեր մարդուժը կազմող անձինք ուրիշներուն դռները թակեն, ուրիշներուն ծառայեն, իրենց մասնագիտութիւնն ու փորձառութիւնը ի սպաս դնեն ուրիշներու յաջողութեան: Մեզի համար առաջնահերթը, հիմնականը, մնայունը մեր ազգն է, մեր հայրենիքն է, մեր գաղութներն են:

Աղօթարար`
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

(Շար․1)