Պարոյր Սեւակ․ «100 Բանաստեղծութիւն» Ժողովածուին Շնորհանդէսը՝ Երեւանի Մէջ

Հայաստան

Պարոյր Սեւակի ծննդեան 100-ամեակին առիթով՝ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ լոյս տեսած է Պարոյր Սեւակի «100 բանաստեղծութիւն» ժողովածուն։

Գիրքը, առաւել եւս այս օրերուն, խորհրդանշական է, որովհետեւ գրողի իւրաքանչիւր ստեղծագործութիւն ժամանակի շունչն է եւ պատգամ է գալիք բոլոր սերունդներուն։

Գիրքը կազմած է բանաստեղծի որդին՝ բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Արմէն Ղազարեանը։ Լոյս ընծայուած է Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան հովանաւորութեամբ։

Շնորհանդէսը պիտի կայանայ Յունուար 17-ին, ժամը 15։00-ին, Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանին մէջ ( հասցէ՝ քաղաք Երեւան, Զորաբեան 20):

Մուտքը ազատ է։