Մենք Կը Հաւատանք Մեր Ժողովուրդի Հաւաքական Իմաստութեան եւ Վստահ Ենք, որ Միասին Պիտի Կարենանք Բեկել Պատմութեան Ընթացքը․ ՀՅԴ Բիւրոյի Ուղերձը

Հայաստան, Սփիւռք

Չարաբաստիկ 2023-ը կը մնայ մեր պատմութեան մէջ որպէս հայրենազրկման ու կորուստի տարի։ Դաւադիր պայմանաւորուածութիւններու եւ յանցաւոր անգործութեան իբրեւ արդիւնք հայաթափուեցաւ Արցախը, ունեցանք Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի նոր կորուստ, հարիւրաւոր նուիրական զոհեր, խեղուած մարդկային ճակատագրեր։ Իրադարձութիւններու նման ընթացքը կանխելու ջանքը ցաւօք բաւարար չեղաւ։ Անտարբերութեան, սեփական ուժերու հանդէպ թերահաւատութեան, պառակտուածութեան, ազգային-պետական շահերու ստորադասման արմատացած դրսեւորումները այդպէս ալ չկրցանք յաղթահարել։ Ու ատոր համար վճարեցինք շատ թանկ։

Աշխարհաքաղաքական, ռազմաքաղաքական եւ ներազգային խորքային վերափոխումներու ներկայ հանգրուանին Հայաստանը եւ ողջ հայութիւնը տակաւին կը շարունակեն կանգնած մնալ ճգնաժամի եւ լրջագոյն մարտահրաւէրներու առջեւ։ Ստեղծուած իրավիճակի յաղթահարման համար հեշտ ու արագ լուծումներ չկան։ Մենք խնդիր ունինք թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին ճակատի վրայ։ Արտաքին մարտահրաւէրները հնարաւոր չ՝ըլլար յաղթահարել առանց ներքին մարտահրաւէրները յաղթահարելու։ Մեր բոլորի գերխնդիրն է՝ նոր կորուստներ ու կենսական զիջումներ, անվտանգային իրավիճակի վատթարացում թոյլ չտալը։ Այս ամէնը մենք ի զօրու ենք ընելու՝ եթէ վերականգնենք հաւատքը մեր ուժերուն հանդէպ ու մեր միջոցներու ամբողջական գոյքագրմամբ պայքարինք ու գործենք առանց յոգնելու։ Միայն այդկերպ կրնանք կանխել կորուստներու, պարտութեան ու ազգային նուաստացման այս կործանարար ընթացքը։ Օրուան հայրենադաւ վարչախումբին ու թուրք-ազրպէյճանական տանդեմին կողմէ մեզի պարտադրուող սին «խաղաղութեան» օրակարգին մենք պէտք է հակադրենք մեր ազգային-պետական շահերէն բխող իրական, արժանապատիւ խաղաղութեան օրակարգը, որ պիտի ապահովէ ե՛ւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը, անկախութիւնն ու անվտանգութիւնը, ե՛ւ Արցախի ժողովուրդի ու Հանրապետութեան իրաւունքներու պաշտպանութիւնը եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդի բարօրութիւնը։

Արդարութեան, արժանապատուութեան եւ հաւասարութեան արժեհամակարգերուն վրայ հիմնուած մրցունակ, նոր որակի ազգային պետութեան կառուցումը պէտք է հռչակուի ազգային ռազմավարական նպատակ։

Մենք կը հաւատանք մեր ժողովուրդի հաւաքական իմաստութեանն ու ուժին եւ վստահ ենք, որ միասին պիտի կարենանք բեկել պատմութեան ընթացքը։

ՀՅԴ ԲԻՒՐՕ

2024 թ. Յունուար 10