Հայ-ամերիկեան Առողջութեան Կենտրոնը Ստեփանակերտի մէջ Պիտի Իրականացնէ Անվճար Հետազօտութիւններ

Հայաստան

Նոյեմբերի 5-ին՝ ժամը 9:00-էն, Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան «Հանրապետական բժշկական կեդրոն» էն ներս, Հայ-ամերիկեան առողջութեան կեդրոնի բժիշկներու կողմէն պիտի իրականացուի Բնակչութեան անվճար խորհրդատուութիւններ եւ հետազօտութիւններ: Այս  մասին կը տեղեկացնէ   ԱՀ  առողջապահութեան  նախարարութեան  մամլոյ  ծառայութիւնը:

«Հանրապետական բժշկական կեդրոն»-էն ներս կ’իրականացուին  կրծքագեղձի, վահանաձեւ գեղձի եւ  յօդերու մանրամասն զննում:

Օգտուելու ցանկութիւն ունեցողները կրնան դիմել Հանրապետական բժշկական կեդրոն կամ հեռաձայնել  (047) 94-32-27 թիւին,  կամ  թէժ գիծ՝  3003 կարճ թիւին: