Նիկոլ Փաշինեան Աշխատանքային Այցով Արցախ Մեկնած է

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան Նոյեմբեր 1-ին Ստեփանակերտի մէջ դիմաւորած է աշխատանքային այցով Արցախ ժամանած ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանին։

Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութենէն։