150 Միջազգային Գործիչ ալիեւէն Պահանջած է Ազատ Արձակել Ռուբէն Վարդանեանն ու Միւս Ապօրինի Կալանաւորուածները

Աշխարհ, Հայաստան

Աւելի քան 150 միջազգային մարդասիրական, քաղաքական գործիչ եւ գործարար պահանջած են ազատ արձակել Ռուբէն Վարդանեանն ու միւսները։

«Վառելիքի, դեղորայքի եւ պարենամթերքի մատակարարման ապօրինի արգելքէն ետք, որ տեւեց ինը ամիս, ազրպէյճանը Սեպտեմբեր 19-ին սկսաւ արիւնալի ռազմական գործողութիւն եւ ներխուժեց Լեռնային Ղարաբաղ (Արցախ): Այս գործողութիւններուն հետեւանքները հարիւրաւոր սպանուածներ, հազարաւոր վիրաւորներ եւ գրեթէ 120,000 մարդոց՝ փաստօրէն Արցախի ողջ հայ բնակչութեան բռնի տեղահանումն էին։ Համաշխարհային հանրային կարծիքով՝ ատիկա հաւասարազօր է ցեղական զտումներու։

Իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները ազրպէյճանի գործողութիւնները անուանած են ցեղասպանութիւն.

Յայտնի հայ բարերար եւ մարդասիրական գործիչ, Արցախի նախկին պետնախարար Ռուբէն Վարդանեանը ապօրինի բերման ենթարկուած է, երբ ան եւ այլ քաղաքացիներ կը մեկնէին Հայաստան։ Անոր ձերբակալութիւնը յատկապէս մտահոգիչ է, քանի որ Արցախին միջազգային աջակցութիւն ներգրաւելու անոր ջանքերը Վարդանեանը դարձուցած են պաքուի կառավարութեան թիրախը։

Ի թիւս այլոց՝ հանրապետութեան երեք նախկին նախագահներ Արայիկ Յարութիւնեանը, Բակօ Սահակեանն ու Արկադի Ղուկասեանը եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ՝ Դաւիթ Բաբայեանը, Լեւոն Մնացականեանը, Դաւիթ Իշխանեանը եւ Դաւիթ Մանուկեանը։ Շատ այլ հայեր դեռ կը պահուին ապօրինի կերպով։ Այս մարդոց առողջութեան եւ ինքնազգացողութեան մասին առկայ ծայրայեղ սահմանափակ տեղեկատուութիւնը տագնապալի է…

Անոնք բոլորը կալանաւորուած են ներպետական եւ միջազգային իրաւունքի ակնյայտ խախտումով, ներառեալ ՄԱԿ-ի համաձայնագիրն ու Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւրոպական համաձայնագիրը, որուն միացած է նաեւ ազրպէյճանը…

Ամէն օր կարեւոր է բանտարկեալներու կեանքին համար. Հայաստանի եւ ազրպէյճանի միջեւ ցանկացած խաղաղ համաձայնագիր պէտք է պայման ներառէ անոնց ազատ արձակման համար։

Մենք կոչ կ՝ընենք նախագահ իլհամ ալիեւին անյապաղ ազատ արձակելու նշուած ապօրինի ձերբակալուած բոլոր անձերը»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ։