
Մարդկութեան Խլացնող Լռութիւնը․ «Զգոյշ»
Խմբագրական
Արդի աշխարհին մէջ, ուր լուրերը հնարաւորութիւն ունին ազատօրէն շրջելու եւ օրական 24 ժամ լոյս սփռելու միջազգային անցուդարձերուն վրայ, մենք ականատես կը դառնանք անթիւ անարդարութեանց ու ճնշումներու` երկրագունդի այս կամ այն անկիւնը, այս կամ այն ժողովուրդին ու հաւաքականութեան դէմ: Լուրերը կը տարածուին շատ արագ, բայց երբ վերնագիրները կ՛անցնին վարագոյրին ետեւ, հարցում մը ինքզինք կը պարտադրէ. ինչո՞ւ մարդկային գիտակցութիւնը մտահոգիչ չափերով անտարբեր կը մնայ այդ անարդարութիւններուն նկատմամբ:
Համաշխարհային այս անտարբերութեան կենդանի օրինակը կը հանդիսանայ 19 Սեպտեմբերին ազրպէյճանի անակնկալ յարձակումը Արցախի վրայ, եւ բռնի տեղահանութիւնը անոր 120,000 հայ ազգաբնակչութեան դէպի Հայաստանի Հանրապետութիւն. վկայութիւն մը` աշխարհի բարոյական անզգայութեան եւ սնանկութեան մասին: Այս ողբերգութեան շուրջ տիրող միջազգային լռութիւնը խլացուցիչ է:
Սկզբունքով արդարութեան, կարեկցանքի եւ մարդկային իրաւունքներու արժէքներով առաջնորդուող այս աշխարհին մէջ, առնուազն այդպէս կը ներկայացուի, մենք յաճախ շփոթի կը մատնուինք, թէ ինչպէ՞ս միջազգային հանրային կարծիքը կը կողմնորոշուի` յօգուտ ճնշողներուն եւ նախայարձակներուն: Անտարբերութի՞ւն, աշխարհաքաղաքական շահե՞ր, թէ՞ կրկնուող անարդարութիւնները վարժութեան եւ անզգայութեան առաջնորդած են մարդկային խիղճը:
Միջազգային հանրութիւնը պէտք է գիտակցի իր ունեցած բարոյական պատասխանատուութեան. ան պէտք է ձգտի վերջ դնելու անտարբերութեան շրջափուլին եւ սկզբունքային դիրքորոշում ցուցաբերելու ճնշողներուն եւ ընդհանրապէս անարդարութեանց դէմ: Մասնաւորաբար տակաւին բարոյական սկզբունքներու հաւատացող միջազգային մամուլը` իբրեւ մարդկային գիտակցութեան պահակ, ճիգ պէտք չէ խնայէ կոտրելու լուռ մեղսակցութեան այս շղթան:
Աշխարհի մը մէջ, որ կարծես տարուած է ակնթարթային գոհունակութեամբ եւ վաղանցիկ լուրերով, մենք պէտք է զմեզ յիշեցնենք, որ անարդարութիւններու շուրջ լռութիւնը գիտակցուած ընտրութիւն մըն է, զոր մենք կրնանք փոխել: Բարձրացնելով մեր ձայնը, զօրավիգ կանգնելով ճնշուածներուն եւ հետեւողականօրէն արդարութիւն պահանջելով` մենք պէտք է հետամուտ ըլլանք, որ աշխարհի գիտակցութիւնը դառնայ բարիին ծառայող ուժ մը. նուազագոյնն է այդ, որ կարելի է ընել Արցախի եւ աշխարհի տարածքին անհամար այլ հակամարտութիւններու զոհերուն համար:
Տակաւին, անհրաժեշտ է օգնութեան ձեռք երկարել Արցախէն բռնի տեղահանուած 120,000 հայերուն, որոնք ներկայիս ապաստանած են Հայաստան: Մարդասիրական օգնութեան տրամադրումը, անոնց վերաբնակեցման աջակցիլը եւ անոնց իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը աշխարհասփիւռ հայութեան եւ միջազգային ընտանիքի պարտաւորութիւններուն մաս կը կազմեն: Ժամանակն է գործելու համերաշխ եւ կարեկցանքով` մեղմելու անոնց տառապանքը եւ օգնելու, որ վերականգնելէ ետք իրենց կեանքը, անոնք Արցախ վերադառնալու վճռականութիւնը դարձնեն առօրեայ ապրում: