ԿԽՄԿ-ն Այցելած է պաքուի Մէջ Կալանաւորուած Արցախցի Նախկին Պաշտօնեաներուն

Աշխարհ, Հայաստան

Նոյեմբերին Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտի (ԿԽՄԿ) աշխատակիցները կրկին այցելած են պաքուի մէջ գտնուող արցախցի նախկին պաշտօնեաներուն։ Այս մասին, ըստ ABCmedia-ին, յայտնած է ԿԽՄԿ-ի ազրպէյճանի ներկայացուցչութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի ղեկավար իլահա հուսէյնովան։

Ըստ տեղեկութիւններուն՝ անոնց հետ տեղի ունեցած են անհատական ​​հանդիպումներ ստեղծուած են պայմաններ՝ անոնց ընտանիքներուն հետ կապ հաստատելու համար։

«ԿԽՄԿ-ն իր իրաւագիրին համաձայն կը գնահատէ նման այցելութիւններուն ընթացքին կալանաւորուածներուն հանդէպ վերաբերմունքը եւ պահման պայմանները: ԿԽՄԿ-ն նաեւ կը նպաստէ անձերու ընտանիքներուն հետ կապի շարունակականութեան։ ԿԽՄԿ ընթացակարգերուն համապատասխան տեսակցութիւնները կը կատարուին միայն կալանաւորի հետ»,- նշուած է տեղեկատուութեան մէջ։