
Մեր 30-ամեայ Յաղթանակը Մէկ Վայրկեանի Մէջ Փոշի Դարձաւ․ Բագրատ Սրբազան
«Սուտը կը կազմէ մեր ինքնութեան կարեւոր մասը։
Սուտը որպէս պատկեր, կեղծիքը որպէս պատկեր, ձեւը որպէս պատկեր մեր ինքնութեան մաս կը կազմէ շատ խորքային իմաստով։
Ինչո՞ւ կ՝ըսեմ ասիկա։ Լաւագոյն օրինակը՝ Արտաշէս արքայ եւ Տիգրան Մեծ։ Ինչո՞ւ անտեսուած է Արտաշէս արքան, եւ ինչո՞ւ այդքան պանծացուցած ենք Տիգրան Մեծը։
Յաղթանակող, պետականութեան հիմքեր ստեղծող, ամրագրող, համակարգը ձեւակերպող, ի վերջոյ՝ ինքնութեան առաջին ծիլերը դնող, որուն բարձրագոյն արտայայտութիւնը պետականութիւնն է՝ իր բովանդակութեան, իր կերպով ու ձեւով (Արտաշէս արքայ), միւս կողմէն՝ վերջնարդիւնքով պարտութեան խորհրդանիշ եղող, քայքայուած ընտանիքով, մեծցած եւ փոքրացած հայրենիքով, պետական հիմնարկներ քայքայելով, եւ անոր շարունակականութիւնը՝ դէպի աղէտ տանող պատկերն է (Տիգրան Մեծ)։
Երկրորդը գնահատուած, պանծացուած, մեր ինքնութեան լաւագոյն, մեծագոյն մասը դարձած, առաջինը՝ ընդհանրապէս անտեսուած․ Արտաշէս արքան մնացած է ստուէրի մէջ, Տիգրան Մեծը՝ պանծացուած։
Ասիկա կը խօսի այն մասին, թէ մենք ինչպէս կը գնահատենք իրողութիւնները, որն է մեզի համար բարձրագոյն արժէքը։
Այստեղ նաեւ մեր ազգային նկարագրի հոգեբանական խնդիրն է՝ զգացմունքայնութիւնը․ մենք կը մտածենք ժամանակի կարճ հատուածի մասին, այս րոպէին տեղի ունեցածին, տեղի ունեցողին մասին՝ իրականացնելու, վերջացնելու, ամփոփելու, հոգ չէ, թէ յետոյ ինչ տեղի կ՝ունենայ։
Ատոր լաւագոյն վկայութիւնը մեր 30-ամեայ յաղթանակն էր, որ մէկ վայրկեանի մէջ փոշիացուցաւ։ Այդ ձեռքբերումը որպէս պետականութեան յաղթանակ, որպէս ազգային նկարագրի յաղթանակ մենք չկրցանք որեւէ ձեւով ամրագրել, խորացնել, մեծցնել։ Մենք տուրք տուինք մեր սովորական ՍՈՒՏԻՆ եւ ԶԳԱՑՄՈւՆՔԱՅՆՈւԹԵԱՆ, որուն արմատները, կրկին կ՝ըսեմ, շատ խորն են։
Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեան
«Ազգային ինքնութիւն եւ ընտրանի» համաժողով
06․11․2021»։
Տեսանիւթը՝ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Տաւուշի թեմի էջէն