ԵՄ-ն Մարդկայնական Օդային Կամուրջ Կը Բանայ՝ Գազա Օգնութիւն Հասցնելու Համար․ Ինչո՞ւ Մարդկայնական Միջանցք Չէին Գործարկեր Արցախի Շրջափակման Ժամանակ․ Տիգրան Աբրահամեան

Աշխարհ, Հայաստան

ԱԺ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւոր Տիգրան Աբրահամեան կը գրէ․

«Եւրոյանձնաժողովը յայտարարած է «ԵՄ մարդկայնական օդային կամուրջ» գործողութեան մեկնարկին մասին՝ Կազա մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու նպատակով։

Ես, ի հարկէ, դէմ չեմ Կազայի խաղաղ բնակիչներուն մարդասիրական իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ այն, ինչ տեղի կ՝ունենայ վերջին օրերուն, պարզապէս մարդկային ողբերգութիւն է` երկուստէք հարիւրաւոր զոհեր, որոնց մէջ կանայք եւ երեխաներ:

Բայց ինչո՞ւ միջազգային դերակատարները մարդկայնական միջանցք չէին գործարկեր Արցախի 9-ամսեայ շրջափակման ժամանակ, ինչո՞ւ նոյն դերակատարները լուռ կը հետեւէին ազրպէյճանական յարձակումներուն եւ որպէս հետեւանք՝ Արցախի մէջ ցեղական զտումներու իրականացման:

Թէ ինչ թշնամութիւն գործած է մեր ժողովուրդին հանդէպ հայաստանեան իշխանութիւնը, արդէն բոլորին պարզէ, բայց ատիկա չ՝արդարացներ միջազգային խաղացողները` իրենց անտարբերութեամբ ու լռութեամբ հարիւրաւոր զոհերու եւ մարդոց հայրենազրկման տանելու կամ այդ գործընթացին նպաստելու համար»: