
ազրպէյճանի Համար Հայաստանի ու Արցախի Իւրաքանչիւր Բնակիչ Այն Նոյն «Մեղադրանք»-ի Կրողն է ու «Ձերբակալման» Ենթակայ Անձը, Ինչ Անմարդկային Վերաբերմունքի է «Արժանանում» Վագիֆ Խաչատրեանը․ Արման Թաթոյեան
Պարզ է չէ՞, որ ազրպէյճանի կողմէ մարդկային վերաբերմունք ակնկալել առեւանգուած մեր քաղաքացիներուն նկատմամբ, բացառուած է: Անոնց համար Հայաստանի ու Արցախի իւրաքանչիւր բնակիչ այն նոյն «մեղադրանք»-ի կրողն է ու «ձերբակալման» ենթակայ անձը, ինչ անմարդկային վերաբերմունքի է «արժանանում» 68-ամեայ Վագիֆ Խաչատրեանը: Այս մասին իր Facebook-ի էջին վրայ գրած է ՀՀ նախկին ՄԻՊ Արման Թաթոյեան։
«Հիմա ալ ցինիկ դիտաւորութեամբ հրապարակած են 4 զինուած ոստիկանի ներկայութեամբ անօգնական վիճակի մէջ գտնուող 68-ամեայ մարդու տառապանքի պատկերներ` այդ հոգեվիճակը, յուսահատութիւնը անոր ընտանիքին, հայ հասարակութեան մէջ տարածելու համար:
Ակնյայտ է, թէ ինչ պայմաններու մէջ կը գտնուի Վագիֆ Խաչատրեանը այս 4 ամիսներուն ընթացքին՝ հեռու ընտանիքէն, հայրենիքէն, վախի մթնոլորտի մէջ, ազրպէյճանական գերութեան մէջ՝ դատապարտուած տառապանքներու:
Այս է այն պատկերը, որուն մէջ յայտնուած ենք մենք, եւ այս է այն ցաւալի իրավիճակը, որուն մեղաւորները, դժբախտաբար, իրենց մեղաւոր չեն համարեր:
Պէտք էր ամէն ինչ ընել, որ Վագիֆ Խաչատրեանն ու մեր միւս հայրենակիցները չյայտնուէին ազրպէյճանական գերութեան մէջ, չըլլային այսպիսի նուաստացած վիճակի մէջ, որ ազրպէյճանն ալ ատկէ հրճուանք ապրէր: Հայաստանի քաղաքացին, հայը պէտք է զգայ Հայաստանի պետութեան պաշտպանութիւնը:
Քանի դեռ Հայաստանի գիւղերուն ու քաղաքներուն հարեւանութեամբ, ճանապարհներուն կան ազրպէյճանական զինուած ծառայողներ, մեր քաղաքացիները պիտի շարունակեն գտնուիլ վտանգի տակ:
Անոնց յանցաւոր արարքները պիտի շարունակուին, քանի որ կը շարունակուի ազրպէյճանական իշխանութեան ցեղասպան քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ պատախանատուութեան բացակայութիւնը»,- գրած է Թաթոյեան։