Ղարաբաղը Աւանդաբար Պատկանած է Հայաստանին. Շահրիար Հէյտարի

Աշխարհ, Հայաստան

Իրանի խորհրդարանի Ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան յանձնաժողովի փոխնախագահ Շահրիար Հէյտարին յայտարարած է, որ «Ղարաբաղը աւանդաբար պատկանած է Հայաստանին»: Այս մասին կը հաղորդէ 168.am-ը՝ վկայակոչելով khabarban.com կայքը։

Հէյտարի այս մասին ըսած է Երիտասարդ լրագրողներու ակումբի թղթակիցին հետ զրոյցի մը ընթացքին՝ անդրադառնալով արցախեան հակամարտութեան:

«Ներկայիս Ղարաբաղը ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ հակամարտութեան տարածք է: ազրպէյճանի հանրապետութիւնը, օգտագործելով արտատարածաշրջանային երկիրներու եւ սիոնիստական վարչաձեւի կարողութիւնները, ապահոված է ռազմական գերակայութիւն Հայաստանի նկատմամբ»,- ըսած է իրանցի պաշտօնեան:

«Ղարաբաղը աւանդաբար պատկանած է Հայաստանին, եւ այն, որ մարդիկ փախած են Հայաստանի տարածք, ազրպէյճանական բանակի յարձակման արդիւնք է, եւ չի նշանակեր, որ Ղարաբաղի հայերը կորսնցուցած են իրենց ինքնութիւնը… Այսօր ազրպէյճանի հանրապետութիւնը շրջափակման պատճառով նեղ դրութեան մէջ դրած է Ղարաբաղը. Ղարաբաղը շրջափակման մէջ է չորս կողմէն»,- ըսած է Հէյտարին:

Ան պարզաբանած է, որ արտտարածաշրջանային երկիրները կը ձգտին շահագործել Կովկասի միջոցները, նոր միջանցքները, եւ օգտագործել ազրպէյճանի տարածքը՝ աշխարհաքաղաքական առումով Եւրոպային միանալու համար։

Հէյտարիի խօսքով՝ Հայաստանը միշտ պիտի փորձէ ետ վերցնել Ղարաբաղը, ուստի աւելի լաւ է հայ-ազրպէյճանական խնդիրները լուծել քաղաքական համաձայնագրերու եւ Իրանի նման երրորդ երկրի միջնորդութեամբ: