ՄԱԿ ԱԽ Ծիրէն Ներս Ֆրանսան Պիտի Պահանջէ Բանաձեւ Ընդունիլ Արցախի Հայերու Վերադարձին Մասին. Գոլոննա

Աշխարհ, Հայաստան

ՄԱԿ անվտանգութեան խորհուրդի ծիրէն ներս Ֆրանսան պիտի պահանջէ բանաձեւ ընդունիլ ԼՂ հայերու վերադարձին մասին: Այս մասին Ծերակոյտէն ներս ելոյթի ժամանակ յայտարարած է Ֆրանսայի ԱԳ նախարար Գաթրին Գոլոննան:

«ազրպէյճանը ծրագրաւորած եւ կազմակերպած է ԼՂ-էն աւելի քան 100,000 հայերու ելքը: Այս ծանր յանցագործութիւնը չի կրնար անպատասխան մնալ: Հայաստանի ու ազրպէյճանի միջեւ հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի բանակցութիւններու ճանապարհով: պաքուն պէտք է հասկնայ, որ չի կրնար ընթանալ ուժի կիրառման ճանապարհով»,- ըսած է ան: