Հայաստանի Մէջ Ապաստանած Փախստական Փոքրիկներուն Մօտ Սուր Հոգեբանական Ճնշախտի Նշաններ Կը Նկատուին. UNICEF
Հայաստանի մէջ ապաստանած փախստական փոքրիկներուն մօտ կը նկատուին սուր հոգեբանական ճնշախտի նշաններ։ Այս մասին կը փաստեն UNICEF-ի հետ աշխատող ընկերային ծառայողները, որոնք յատուկ աջակցութիւն կը ցուցաբերեն վերջին շաբաթներուն ընթացքին իրենց տուները լքած փոքրիկներուն եւ անոնց ընտանիքներուն:
Գորիսի մէջ UNICEF-ի երկու ապահով անկիւններուն մէջ աշխատող ընկերային ծառայողները, որոնք օրական կը սպասարկեն մինչեւ 300 երեխայի, յայտնած են, որ անոնք ունին անհանգստութեան, վախի եւ զայրոյթի զգացումներ, որոնք կը դրսեւորուին մղձաւանջներով, գիշերամիզութեամբ եւ անսփոփելի լացով: Որոշ փոքրիկներ մեկուսացած են բոլորէն, դարձած են անհաղորդ, անկարող են արտայայտելու զգացմունքները կամ ըմբռնելու պատահածը:
Աւելի քան 30,000 հայ փոքրիկ ապաստանած է Հայաստանի մէջ՝ երկու շաբաթ առաջ Արցախի մէջ սկսած ռազմական գործողութիւններէն ի վեր: Ի լրումն տեղահանութեան, այս փոքրիկները շարունակաբար ետ մնացած են դասերէն եւ ապրած են վտանգաւոր, ոչ ապահով միջավայրի մէջ, եւ ինչպէս կը պատմեն ընտանիքները, նոր յարձակումներու վախի պարբերական զգացումով:
