
ԽՍՀՄ ԳՇ Ամենավերջին Քարտէզները Պէտք է Հիմք Հանդիսանան Զօրքերու Ետքաշման Համար. Կրանատայի Քառակողմ Յայտարարութիւնը
Կրանատայի մէջ Եւրոպական քաղաքական համայնքի երրորդ գագաթնաժողովին ծիրէն ներս այսօր տեղի ունեցած է վարչապետ նիկոլ փաշինեանի, ֆրանսայի նախագահ էմանուէլ մագրոնի, գերմանիոյ վարչապետ օլաֆ շոլցի եւ եւրոպական խորհուրդի նախագահ շառլ միշէլի քառակողմ հանդիպումը, որուն արդիւնքներով ընդունուած է համատեղ յայտարարութիւն, ուր, մասնաւորապէս ըսուած է.
«Եւրոպական խորհուրդի նախագահ շառլ միշէլը, ֆրանսայի նախագահ էմանուէլ մագրոնը եւ գերմանիոյ վարչապետ օլաֆ շոլցը Կրանատայի մէջ հանդիպած են ՀՀ վարչապետ նիկոլ փաշինեանի հետ։
Եւրոպական խորհուրդի նախագահը, ֆրանսայի նախագահը եւ գերմանիոյ վարչապետը ընդգծած են իրենց անսասան աջակցութիւնը Հայաստանի անկախութեան, ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան։
Անոնք նաեւ իրենց աջակցութիւնը յայտնած են ԵՄ-Հայաստան յարաբերութիւններու ամրապնդման բոլոր հարթութիւններու վրայ՝ մեկնելով Հայաստանի Հանրապետութեան կարիքներէն։ Անոնք համաձայնած են Հայաստանին յաւելեալ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրել, քանի որ ան կը բախի Արցախի հայերու վերջին զանգուածային տեղահանման հետեւանքներուն։
Անոնք ընդգծած են, որ այդ փախստականները պէտք է ազատօրղն օգտուին իրենց տուներ եւ բնակութեան վայրեր վերադառնալու իրաւունքէն՝ առանց որեւէ պայմաններու, միջազգային հսկողութեան ներքոյ եւ իրենց պատմութեան, մշակոյթի եւ մարդու իրաւունքներու հանդէպ պատշաճ յարգանքով։
Անոնք հաւատարիմ կը մնան Հայաստանի եւ ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած բոլոր ջանքերուն՝ հիմնուած իրարու ինքնիշխանութեան, սահմաններու անձեռնմխելիութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան (Հայաստանի 29,800 քառակուսի քմ եւ ազրպէյճանի 86,600 քառակուսի քմ) փոխադարձ ճանաչման վրայ, ինչպէս նշուած է նախագահ միշէլի 2023 թուականի Մայիս 14-ի եւ Յուլիս 15-ի յայտարարութիւններուն մէջ։ Անոնք կոչ ըրած են խստօրէն պահպանելու ուժի եւ ուժի սպառնալիքի չկիրառման սկզբունքը։
Անոնք ընդգծած են սահմաններու սահմանազատման ուղղութեամբ աշխատելու հրատապ անհրաժեշտութիւնը՝ հիմնուելով կողմերուն տրամադրուած ԽՍՀՄ Գլխաւոր շտաբի ամենավերջին քարտէզներուն վրայ, որոնք պէտք է նաեւ հիմք հանդիսանան ուժերու ետքաշման, խաղաղութեան պայմանագիրը վերջնական տեսքի բերելուն եւ մարդասիրական բոլոր խնդիրներու լուծման համար։ Անոնք աւելի մեծ տարածաշրջանային համագործակցութեան եւ բոլոր սահմաններու, ներառեալ՝ Հայաստանի եւ թուրքիոյ միջեւ բացման կոչ ըրած են։
Անոնք նաեւ երկիրներու ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան լիակատար յարգման, ինչպէս նաեւ հաւասարութեան եւ փոխադարձութեան սկզբունքներուն վրայ հիմնուած տարածաշրջանային կապերու բացման կոչ ըրած են։ Եւրոպացի առաջնորդները կոչ ըրած են Հայաստանին եւ ազրպէյճանին ազատ արձակելու բոլոր ձերբակալուածները եւ համագործակցելու անյայտ կորածներու ճակատագրին լուծում տալու եւ ականազերծման աշխատանքները հեշտացնելու ուղղութեամբ»։