
ազրպէյճանի ԶՈւ Կրակոցներուն Հետեւանքով Հայկական Կողմը Ունի 1 Զոհ եւ 2 Վիրաւոր․ ՊՆ
Հոկտեմբեր 2-ին, սնունդ տեղափոխող մեքենային ուղղութեամբ ազրպէյճանի ԶՈւ կրակոցներուն հետեւանքով հայկական կողմը ունի 1 զոհ եւ 2 վիրաւոր:
ազրպէյճանի ԶՈւ ստորաբաժանումները թիրախ դարձուցած են նաեւ շտապօգնութեան մեքենան, որ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի չափանիշներու կոպտագոյն խախտում է։
Զոհուած զինծառայողը ՀՀ ՊՆ N զօրամասի զինծառայող Արամ Տիգրանի Քոչարեանն է:
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը վշտակցի եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:
Վիրաւոր 2 զինծառայողները տեղափոխուած են զինուորական հիւանդանոց: