
Ոչ Ոք Կը Պատրաստուի Ապրիլ ազրպէյճանական Ստրկութեան Տակ․ Ի՞նչ է Սա, Եթէ Ոչ Միջազգային Աջակցութեամբ Ցեղասպանութիւն․ Բեգլարեան
Արցախի մէջ մնացած է քանի մը հազար մարդ, ու կարծես թէ բոլորն ալ կը սպասեն իրենց հերթին՝ արագ հեռանալու Արցախէն։ Այս մասին իր Telegram-ի ալիքին գրած է Արցախի պետնախարարի նախկին խորհրդական Արտակ Բեգլարեան։
«Մնացածը կա՛մ Հայաստանի մէջ են, կա՛մ ճանապարհին։ Ոչ ոք պատրաստ է ապրելու ազրպէյճանական ստրկութեան տակ եւ տանելու դաժան սպառնալիքները. ի՞նչ է սա, եթէ ոչ միջազգային աջակցութեամբ ցեղասպանութիւն»,- գրած է Բեգլարեանը։