
ազրպէյճանը Առաջ Կը Մղէ Իր Քաղաքացիներով Հայաստանի 300 Բնակավայր Բնակեցնելու Խնդիրը․ Արման Թաթոյեան
Այս օրերուն ազրպէյճանը աշխուժացուցած է եւ առաջ կը մղէ իր քաղաքացիներով Հայաստանի 300 բնակավայր բնակեցնելու խնդիրը` բացայայտ տարածքային պահանջներով: Այս մասին կը գրէ ՀՀ նակին ՄԻՊ Արման Թաթոյեան։
«4 օր առաջ` Սեպտեմբեր 25-ին, իրականացած են խոհրդարանական լսումներ եւ քննարկուած «Արեւմտեան ազրպէյճան»-ի կեղծ հայեցակարգը իրացնելու հարցեր:
Արցախի դէմ 2023թ. Սեպտեմբեր 19-20-ի պատերազմէն ետք՝ ազրպէյճանը պետական մակարդակով աշխուժացուցած է Հայաստանի վերաբերեալ թշնամանքը` ներկայացնելով, այսպէս կոչուած, «Արեւմտեան ազրպէյճան» կեղծ հայեցակարգը, մշակելով Հայաստանէն պահանջելու ենթակայ իբր վնասներու հատուցման միլիառաւոր (այս պահուն ընդհանուր 20 միլիառի մասին է) ԱՄՆ տոլարի նոր պահանջներ:
Մենք կը շարունակենք այս ուղղութեամբ մանրամասն ուսումնասիրութիւնները` ազրպէյճանական թշնամանքը վեր հանելու եւ անոր դեմ պայքարի համար»,- գրած է Թաթոյեան։