«Ուրարտու» ՖԱ-ը Արցախէն Տեղահանուած Հայրենակիցներուն Օգնելու Ֆինանսական Ներդրում Կ՝ընէ

Հայաստան

«Ուրարտու» ֆութպոլային ակումբը հանդէս կու գայ նախաձեռնութեամբ, որմով կը նախատեսէ 50,000-100,000 ԱՄՆ տոլար յատկացնել Արցախէն Հայաստան եկող փախստականներու օգնութեան եւ բարեկեցութեան համար, ինչպէս նաեւ խստօրէն կը յորդորէ միանալ Հայաստանի Փրեմիեր լիգային մէջ հանդէս եկող բոլոր ակումբներուն՝ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի գլխաւորութեամբ։ Այս մասին ըսուած է ակումբի կայքին մէջ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ։

««Ուրարտու» ֆութպոլային ակումբը կը դիմէ ՀՀ կառավարութեան՝ խնդրելով բանալ դրամատնային հաշիւ, տրամադրելու զայն ՀՖՖ-ին եւ ֆութպոլային ակումբներուն, ինչպէս նաեւ նշանակելու պատասխանատու անձեր, որոնք կը ղեկավարեն ֆութպոլային ակումբներու եւ ՀՖՖ-ի կողմէ փախստականներու համար յատկացուած միջոցներուն բաշխումն ու ծախսումը՝ անհրաժեշտութեան պարագային տեղեկատուութիւն տրամադրելով ծախսուած միջոցներուն մասին։

Կազմակերպութիւններուն ցանկը, որոնց կոչ կ՝ընենք միանալու մեր նախաձեռնութեան.

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոն,

«Ուրարտու»,

«Ալաշկերտ»,

«Արարատ»,

«Արարատ-Արմենիա»,

«Վան»,

«Վեստ Արմենիա»,

«Նոա»,

«Փիւնիկ»,

«Շիրակ»:

Կը խնդրենք վերը նշուած բոլորին արձագանգել հրապարակայնօրէն յառաջիկայ օրերուն ընթացքին»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ։