
Չեն Պատրաստուիր Նման Ամօթալի Պայմաններու Մէջ Աշխատիլ Ներկայ Իշխանութիւններուն Հետ. «Փաստ»
«Փաստ» օրաթերթը կը գրէ.
«Մեր ունեցած տեղեկութիւններով, վերջին օրերուն տեղի ունեցող ողբերգական իրադարձութիւններուն հետ կապուած հանգիստ չէ նաեւ պետական համակարգը։ Հակառակ նիկոլ փաշինեանի մեծագոյն ջանքերուն, որ պետական համակարգը ներսէն ճաքեր չտայ, այնուամենայնիւ, կապուած ստեղծուած իրավիճակին հետ, այս փուլին ոչ մէկ վերահսկողական մեքենականութիւն կ՝աշխատի։
«Փաստ» թերթի արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրը կը յայտնէ, որ Հայաստանի՝ տարբեր երկիրներու մէջ հաւատարմագրուած աւելի քան մէկ տասնեակ հիւպատոսներ ներկայացուցած են հրաժարականի զեկուցագրեր՝ յայտարարելով, որ չեն պատրաստուիր նման ամօթալի պայմաններու մէջ աշխատիլ ՀՀ իշխանութիւններուն հետ։ Նոյն աղբիւրին փոխանցումով, վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին տարբեր երկիրներու մէջ ՀՀ դեսպաններու եւ հիւպատոսներու հետ սփիւռքահայութեան ներկայացուցիչները ունեցած են շատ կոշտ խօսակցութիւններ՝ սուր քննադատելով հայաստանեան իշխանութիւններուն վարած հակահայաստանեան, հակաարցախեան, ընդհանրապէս հակահայ քաղաքականութիւնը։
ԱԳՆ-էն փոխանցած են նաեւ, որ քանի մը դեսպան նոյնպէս ուզած է հրաժարական ներկայացնել, սակայն անոնց հետ առանձին խօսակցութիւններ եղած են՝ փորձելով համոզել գոնէ այս փուլին մնալու իրենց տեղերը»։