Այս Հողին Վրայ Ապրիլը Վեր է Բոլոր Քաղաքական ու Ոչ Քաղաքական Խարդաւանքներէն․ Յայտարարութիւն

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի
«Ազատ հայրենիք-ՔՄԴ», «Արդարութիւն», «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» եւ «Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն» խմբակցութիւնները հանդէս եկած են համատեղ յայտարարութեամբ.

Սիրելի´ հայրենակիցներ

Ազգային ժողովին կողմէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը լուրջ եւ, ստեղծուած իրավիճակով պայմանաւորուած, չափազանց պատասխանատու առաքելութիւն է խորհրդարանի բոլոր պատգամաւորներուն համար:

Այդ իսկ պատասխանատուութիւնը ուղղորդած է մեզի ընդունելի թեկնածու առաջադրելու գործընթացին մէջ, որ իրականացուած է մեր երկրի Սահմանադրութեան ու օրէնքներու շրջանակներուն մէջ:

Մեր խորին համոզմամբ այսօր՝ մեր ժողովուրդին առջեւ կանգնած գոյաբանական սպառնալիքներու պայմաններուն մէջ, մեզի համար գլխաւոր խնդիրը Արցախի ժողովուրդին կողմէ թանկագին կորուստներու գնով, ծանր զրկանքներով ստեղծուած պետականութեան պահպանումն ու ամրապնդումն է, որ մեզի թոյլ պիտի տայ շարունակելու պայքարը՝ հայրենի հողին վրայ արժանապատիւ, անկախ ու անվտանգ ապրելու մեր անօտարելի իրաւունքին համար:

Հաշուի առնելով մեր երկրին առջեւ ծառացած լրջագոյն մարտահրաւէրները՝ մենք՝ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Ազատ հայրենիք-ՔՄԴ», «Արդարութիւն», «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» եւ «Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն» խմբակցութիւնները կոչ կ՝ընենք մեր ժողովուրդին՝ մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն, բոլոր անոնց, որոնց համար այս հողին վրայ ապրիլը վեր է բոլոր քաղաքական ու ոչ քաղաքական խարդաւանքներէն, զերծ մնալու մեր պետականութիւնը կասկածի տակ դնող գործողութիւններէն։

ք. Ստեփանակերտ
08 Սեպտեմբեր, 2023թ.