ազրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած եւ Ապօրինի Ազատազրկուած Ուսանողները Վերադարձուած են

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան այտնած է, որ ազրպէյճանի կողմէ առեւանգուած եւ ապօրինի ազատազրկուած ուսանողները վերադարձուած են:

«Սեպտեմբեր 7-ին՝ ժամը 17:45-ի սահմաններուն, ազրպէյճանական կողմը վերադարձուցած է Օգոստոս 28֊ին ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին ուղեկցութեամբ Արցախէն Հայաստան տեղափոխուելու ժամանակ առեւանգուած եւ ապօրինի ազատազրկուած ուսանողներ Ալէն Սարգսեանը, Վահէ Յովսէփեանը եւ Լեւոն Գրիգորեանը»։