Հաշուի Առնելով, որ ալիեւը Ցեղասպանութիւն Կ՝իրականացնէ եւ Կը Փորձէ Ժխտել Ցեղասպանութիւնը, Ուստի Ցեղասպանութիւնը Ժխտելուն Ուղղուած ԱՄՆ-ի Քաղաքականութիւնը Կրնայ Մեղսակցութիւն Համարուիլ․ Օգամփօ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Սեպտեմբեր 6-ին, ԱՄՆ Քոնկրեսի Թոմ Լանթոսի անուան մարդու իրաւունքներու յանձնաժողովէն ներս տեղի ունեցած են Արցախի մէջ ստեղծուած մարդկայնական իրավիճակին վերաբերեալ քոնկրեսական լսումներ, որուն մասնակցած է նաեւ Միջազգային քրէական դատարանի նախկին գլխաւոր դատախազ Լուիս Մորենօ Օգամփոն, որ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընը մեղադրած է Արցախի 120,000 տեղաբնիկ քրիստոնեայ հայերու ցեղասպանութեան մէջ մեղսակցութեան համար։ Օգամփոն նաեւ նկատած է՝ նախագահ Պայտընը կամ պետական քարտուղար Պլինքընը կրնան ալիեւէն պահանջել անմիջապէս եւ անվերապահօրէն վերացնել Բերձորի միջանցքին շրջափակումը, եթէ ոչ՝ ուրեմն ալիեւը համարեն ցեղասպանութեան համար պատասխանատու, որ, ի հարկէ, կ՝ունենայ բազմաթիւ հետեւանքներ։

Օգամփոն հանգամանօրէն հակադարձած է այն փաստարկներուն, որ Հայաստան-ազրպէյճան բանակցութիւնները կրնան խոչընդոտուիլ, եթէ Արցախի մէջ իրականացուող քաղաքականութիւնը պատշաճ կերպով բնութագրուի որպէս ցեղասպանութիւն՝ հաշուի առնելով ազրպէյճանի կողմէ Արցախի 260-օրեայ շրջափակումը: «Բանակցութիւնը ցեղասպանի եւ անոր զոհերուն միջեւ է։ Դուք չէք կրնար բանակցութիւններ հայցել Հիթլերի եւ Օսվենցիմի մէջ գտնուող մարդոց միջեւ: Ատիկա բանակցութիւն չէ։ Դուք պէտք է դադրեցնէք օսվենցիմը, ապա քննարկէք բանակցութիւնները: Եւ կը կարծեմ՝ այստեղ է գաղտնիքը։ Հաշուի առնելով, որ նախագահ ալիեւը ցեղասպանութիւն կ՝իրականացնէ եւ կը փորձէ ժխտել ցեղասպանութիւնը, ուստի ցեղասպանութիւնը ժխտելուն ուղղուած ԱՄՆ-ի քաղաքականութիւնը կրնայ մեղսակցութիւն համարուիլ»,- յայտարարած է Օգամփոն։

Արձագանգելով միջազգային իրաւունքի հեղինակաւոր մասնագէտին՝ Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան նկատած է․ «Այսօրուան լսումները նախագահ Պայտընի եւ հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրեցին այն հանգամանքին, որ համաձայն ցեղասպանութեան կանխարգիլման եւ պատիժի մասին համաձայնագրի ոգիին եւ տառին, ան մեղսակից է Արցախի 120,000 բնիկ քրիստոնեայ հայերուն դէմ ազրպէյճանի ցեղասպանութեան։

Թոմ Լանթոսի անուան մարդու իրաւունքներու յանձնաժողովի համանախագահ, քոնկրեսական Քրիս Սմիթը, որ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան մեծ ջատագով է եւ էական ներդրում ունեցած է ԱՄՆ-ի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ, շարունակած է քննադատել ամերիկեան պաշտօնեաները՝ լսումներուն չմասնակցելու համար։ Սմիթ մասնաւորապէս նշած է․ «Այս նիստը ունի երկու դատարկ աթոռ՝ ԱՄՆ Պետական բաժանմունքի եւ USAID-ի (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միջազգային Զարգացման գործակալութեան): Ես խնդրեցի, որ անոնք երկուքն ալ մասնակցին այս նիստին: Հակառակ հեռախօսով եւ ելեկտրոնային փոստով բազմակի խնդրանքներուն՝ ոչ մէկը պատասխանեց: Նոյնիսկ ոչ մէկ արձագանգ: 1995 թուականէն ի վեր ես նախագահած եմ հարիւրաւոր լսումներ՝ Պետական բաժանմունքի կամ USAID-ի ներկայացուցիչներու հետ: Ասիկա բացարձակ անպատասխանութեան եզակի դէպք է»։

Լսումներուն ժամանակ ելոյթ ունեցած է նաեւ Գոլոմպիոյ համալսարանի Արցախի վայրագութիւններու ծրագիրի տնօրէն եւ Ճորճթաունի համալսարանի հրաւիրեալ փրոֆէսըր Տէյվիտ Ֆիլիփսը, որ նոյնպէս քննադատած է ԱՄՆ նախագահը, ներկայացրուցած է Հայաստանի ու Արցախի նկատմամբ ազրպէյճանական վայրագութիւնները եւ ազրպէյճանի ու անոր բարձրագոյն ղեկավարութեան դէմ ամերիկեան յստակ պատժամիջոցներու կիրառման կոչ ըրած է։ Ֆիլիփս քննադատած է միջազգային հանրութիւնը ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ չկիրառելու համար՝ նկատելով․ «Միջազգային հանրութիւնը չկրցաւ պատժամիջոց կիրառել 2016 եւ 2020 թուականներու պատերազմներէն ետք՝ յանցագործութիւններ կատարած անձերուն հանդէպ: Միջազգային հանրութեան այդ ձախողումը ուղերձ էր ազրպէյճանի կառավարութեան, որ ան կրնայ գործել անպատիժ եւ խուսափիլ մարդկութեան դէմ իր յանցագործութիւններուն, ցեղական զտումներուն ու ցեղասպանութեան համար պատիժէն»։

Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբը տարբեր ուղղութիւններով՝ ներառեալ ամերիկահայ համայնքի մոպիլիզացիայի միջոցով, կը շարունակէ ամերիկեան իշխանութեան գործադիր թեւին վրայ ճնշումը՝ ազրպէյճանի հանդէպ պատժամիջոցներու կիրառման, Ազատութեան աջակցութեան ակտի 907-րդ բանաձեւի պահանջներու վերականգնման, Հայաստանին ու Արցախին ամերիկեան շօշափելի օժանդակութեան եւ այլ ուղղութիւններով։

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ

07.09․2023 թ․