«Հազարամեակներ Շարունակ Արցախը Եղած է Հայկական Քաղաքակրթութեան Ամրոց»․ ԱՀ ԱԺ Նախագահը Նամակներ Ուղարկած է Շարք Մը Երկիրներու Խորհրդարաններու Խօսնակներուն

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեան  նամակներ ուղարկած է Ռուսիոյ Դաշնութեան պետդումայի, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան խորհրդարանի, Ֆրանսայի Հանրապետութեան ծերակոյտի, ԱՄՆ ծերակոյտի, ԱՄՆ քոնկրեսի, ինչպես նաեւ Եւրոխորհրդարանի խօսնակներուն: Նամակները Երեւանի մէջ փոխանցուած են այդ երկիրներու դեսպանատուներուն:

Ներկայացնելով Արցախի ժողովուրդին իրաւունքներն ու տիրող մարդկայնական ճգնաժամը եւ ազրպէյճանի կողմէ կիրառուած շրջափակումը՝ ԱԺ նախագահը ընդգծած է, որ ազրպէյճանի նպատակը հայ ժողովուրդը սովի մատնելն ու ցեղասպան քաղաքականութեան շարունակութիւնն է:

«Հազարամեակներ շարունակ Արցախը եղած է հայկական քաղաքակրթութեան ամրոց եւ վաղ քրիստոնէութեան կեդրոն: Արցախի ժողովուրդը երկար ժամանակ պայքարած է իր ազատութեան եւ ինքնորոշման համար՝ անյաղթահարելի թուացող ուժերու դէմ՝ օսմանեան կայսրութեան ցեղասպան վարչաձեւի սարսափէն մինչեւ խորհրդային իշխանութեան ճնշումը։ Եւ այսօր, հակառակ ազրպէյճանի դաժան վարչաձեւէն բխող մշտական սպառնալիքին, մենք կառուցած ենք ժողովրդավարական հասարակութիւն, որուն շատերը կը ձգտին»,- շեշտուած է նամակին մէջ:

Դաւիթ Իշխանեան կ՝ակնկալէ, որ  այդ երկիրներու խորհրդարանները քաղաքական ու դիւանագիտական խողովակներով ճնշումներ կը բանեցնեն ազրպէյճանական սպառնալիքները չէզոքացնելու եւ մարդոց հիմնարար ու անօտարելի իրաւունքները պաշտպանելու համար:

nankr.am