Արցախի Հանրապետութեան Հռչակման Օրուան Առիթով Համահաւաք՝ Նոր Ջուղայի Մէջ

Հայաստան, Սփիւռք

Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ «Ռուբէն» Երիտ. միութեան, Շաբաթ, Սեպտեմբեր 2-ի երեկոյեան ժամը 8-ին, Նոր Ջուղայի Հայ Մ. Մ. «Արարատ» միութեան շրջափակէն ներս, ժողովրդական համահաւաք իրականացաւ՝ Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 32-րդ ամեակին առիթով:

Երեկոյին ներկայ էին՝ Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սիփան եպս. Քէչէճեանը, քահանայից դասը, Հայ Դատի յանձնախումբի եւ թեմի ազգային մարմիններու անդամներն ու ժողովուրդ:

Համահաւաքը բացուած յայտարարուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան հիմնի յոտնկայս ունկնդրութեամբ, ապա ներկաները մէկ րոպէ լռութեամբ յարգեցին հայրենիքի պաշտպանման ճանապարհին զոհուած հայորդիներուն յիշատակը:

Երեկոյին բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ հաղորդավար Վանէ Յովսէփեան ընդգծելով․ «Մեր կեանքով ու կենսակերպով պէտք է ամրագրենք ու սրբագրենք անկախութեան հռչակագիրը եւ հրաժարինք զայն աւարտած համարելու մոլորութենէն: Արցախի Հանրապետութիւնը, անոր ժողովուրդն ու համայն հայութիւնը ամէն օր պէտք է բանան անկախութեան հռչակագրի կենսահաստատման նոր էջ: 32-ամեայ անկախ պետականութեան դասերու եզրայանգումը մէկն է՝ յարատեւ պիտի ըլլայ Արցախ-Հայաստան-Սփիւռք միասնականութեան շղթան եւ ունեցած մարդկային ու նիւթական միջոցները պէտք է մէկտեղուին. ՀՀ իշխանութիւնը պէտք է հրաժարի Արցախը ազրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալու հակահայկական եւ պարտուողական քաղաքականութենէն եւ հաշուի նստի համայն հայութեան արդար պահանջին հետ»:

ՀՅԴ «Ռուբէն» Երիտասարդական միութեան խօսքը ընթերցեց Վանէ Յարութիւնեան, ուր կարեւորութեամբ ընդգծուած էր. «Մեր սերունդը, Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին, իր ամենաթանկը նուիրեց մեր հողին, մեր հայրենիքին համար, անոր հողային ամբողջականութեան համար, անոր ազատ կամքին համար, մեր ինքնորոշումը պահպանելու համար, մեր հայկական 2-րդ չքնաղ հանրապետութիւնը, Արցախի Հանրապետութիւնը պահպանելու համար… Հազարաւոր մեր նման երիտասարդներ Արցախեան առաջին պատերազմին իրենց կեանքը նուիրած են հայրենի հողին, իսկ երբ ազատագրած են սրբազան երկիրը, շէնցուցած են զայն, կեանք ստեղծած, իրենց քրտինքը խառնած մայր հողին»:

Միութեան խօսքին մէջ ներկայացուած էին հետեւեալ պահանջները.

ա. Ճանչնալ Արցախի Հանրապետութեան ինքնորոշման անվիճելի իրաւունքը.

բ. Դատապարտել հայութեան, յատկապէս արցախահայութեան դէմ ազրպէյճանի կողմէ իրականացուող ցեղասպանական գործողութիւնները.

գ. Ընդունիլ, որ Արցախի ժողովուրդը իրաւացի է՝ «Անջատում եւ ճանաչում յանուն փրկութեան» իր ընտրած ճանապարհին վրայ:

Երեկոյին ընթացքին ցուցադրուեցան Արցախի վերջին իրավիճակը արտացոլող եւ շարք մը պահանջատիրական տեսանիւթեր, իսկ «Դումահ» խումբի միջոցով կատարուեցան ազգային-յեղափոխական երգեր:

Նշելի է, որ ՀՅԴ «Թադէոս Թադէոսեան» պատանեկան միութեան անդամները շրջելով շրջափակին մէջ՝ ներկաներուն ուղղութիւն կու տային, թէ ինչպէս Արցախին իրենց զօրակցութիւնը ստորագրութեամբ գրանցեն համապատասխան ստորագրահաւաքի էջով:

Թղթակից (Նոր Ջուղա)

arfd.am