
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը` Արցախի Ժողովուրդի Կողքին
Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան 32-ամեակին առիթով, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր հայրապետական պատգամը ուղղեց ամբողջ հայութեան, շեշտելով Արցախի Հանրապետութեան անյապաղ ապաշրջափակումը եւ անոր ինքնորոշման իրաւունքին ամրապնդումը: Վեհափառ հայրապետը իր պատգամին մէջ յատկապէս ըսաւ. «Անկախութիւնը աստուածատուր իրաւունք է: Անկախութիւնը նաեւ միջազգային օրէնքի հիմնական սկզբունքներէն մէկն է: Արդ, ո՛չ մէկ ազգ իրաւունք ունի բռնաբարելու ուրիշ ազգին անկախութիւնը: 32 տարիներ առաջ Արցախի ժողովուրդը իր անկախութիւնը հռչակած է եւ բազմիցս վերահաստատած: Հետեւաբար, սիրելի՛ Արցախ, մնացի՛ր ամուր` քու ինքնորոշման արդար իրաւունքը հարցականի տակ առնող ներկայ պայմաններուն մէջ: Մնացի՛ր կառչած քու հաւաքական կեցուածքին: Դուն առանձին չես, ողջ հայութիւնը քեզի հետ է»:
Անկախութեան տօնին առիթով, կիրակի, 3 Սեպտեմբերին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին եւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի համանուն մատրան մէջ մատուցուած Ս. եւ անմահ պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ` Արցախի անկախութեան ամրապնդման ի խնդիր իրենց անձը ընծայաբերած մեր քաջարի հայորդիներու հոգիներուն համար: Մայրավանքի մայր տաճարին մէջ պատարագեց ու քարոզեց կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Յովակիմ վրդ. Բանճարճեան: Հայր սուրբը իր քարոզին մէջ յիշեց շրջափակումի ենթարկուած Արցախը եւ այնտեղ պայքարող ու իրենց արժանապատուութեամբ ապրող մեր ժողովուրդի 120,000 հայորդիները: Անդրադառնալով մեր ազգը յուզող ներկայ ճակատագրական օրերուն` հայր սուրբը ըսաւ. «Այսօր մեր բոլորին սիրելի Արցախ հայրենիքը դարձեալ մահու-կենաց պայքար կը մղէ: Ազգովին կոչուած ենք ամէն առումով նեցուկ կանգնելու արցախահայութեան եւ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին: Մեր պատմութենէն գիտենք, որ երբ միակամ ու մէկ բռունցք եղած ենք, յաղթահարած ենք մեր ազգին դէմ ցցուած բոլոր մարտահրաւէրներն ու տագնապները: Հետեւաբար, բոլորս միասնաբար գործնական քայլերու պէտք է դիմենք, որպէսզի կարենանք պաշտպանել Արցախի մեր հայրենակիցներուն արդար իրաւունքները»:
Յայտնենք, որ 1 Սեպտեմբերին Պուրճ Համուտի մէջ կազմակերպուած Արցախի ապաշրջափակումը պահանջող ստորագրահաւաքին մասնակցեցան նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան հայրերը եւ դպրեվանքի սարկաւագները: Իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան աշխարհասփիւռ թեմերուն մէջ ծառայող միաբան հայրեր տեսերիզներու միջոցով իրենց զօրակցական խօսքը ուղղեցին Արցախի ժողովուրդին: