Ներկայ Պայքարի Ամէն Պահը Դաս է Բոլորիս Համար, Կեանքի Դաս, Գաղափարի Դաս. Դաւիթ Իշխանեան

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեան Գիտելիքի եւ դպրութեան օրուան առիթով յղած է ուղերձ մը, ուր կ՝ըսուի.

«Սիրելի՛ դպրոցականներ եւ ուսանողներ,

Յարգարժա´ն ուսուցիչներ, կրթութեան եւ գիտութեան նուիրեալներ

Կը շնորհաւորեմ ձեզ Գիտելիքի եւ դպրութեան օրուան առիթով:

Այս ծանր օրերուն Արցախի կրթօճախներուն մէջ դարձեալ կը հնչեն առաջին զանգի ղօղանջները:

3-րդ ուսումնական տարին է, որ Գիտելիքի ու դպրութեան տօնը Արցախի մէջ կը դիմաւորենք բազում մարտահրաւէրներով:

Յանուն մարդու հիմնարար իրաւունքներու, մասնաւորապէս, սորվելու իրաւունքի՝ պայքարի առաջին դիրքերուն վրայ դուք էք:

Արցախի ժողովուրդի իւրաքանչիւր մասնիկ՝ դպրոցականէն մինչեւ վաստակաւոր ուսուցիչ ու դասախօս, լծուած են պայքարի՝ ազատ ու անկախ հայրենիք ունենալու իրաւունքի համար:

Ներկայ պայքարի ամէն պահը բաց դաս է բոլորիս համար, կեանքի դաս, գաղափարի դաս, թէ ինչպէս պէտք է ապրիլ արժանապատիւ, թէ ինչպէս պէտք է յանուն գաղափարի չկքիլ կենցաղային խնդիրներուն առջեւ:

Արցախի շրջափակման այս պայմաններուն մէջ յորդորս է ՝ որդեգրել պատասխանատու կեցուածք, կրկնապատկել ջանքերը դժուարութիւններու յաղթահարման, խնդիրներու արդիւնաւէտ լուծման ուղղութեամբ՝ յանուն Արցախի վաղուան օրուան, յանուն իւրաքանչիւրիս բարօրութեան ու անվտանգ կեանքի:

Մեր պայքարով կ՝ուսուցանենք եւ կը սերտենք մեսրոպատառ առաջին նախադասութեան պատգամը՝ «…Ի միտ առնուլ զարդարութիւն ճշմարիտ, ուղղել զիրաւունս»: